Քալիֆորնիոյ Պաշտօնատարներու Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Հայաստան Պիտի Այցելէ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Օգոստոս 23 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 4-13ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ տեղական մարմիններէ, ինչպէս նաեւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած պաշտօնատարներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Հայաստան պիտի այցելէ, առաջնորդութեամբ՝ Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն։
Այցելութեան նպատակն է խորհրդակցութիւններ ունենալ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարներու հետ, ինչպէս նաեւ այցելել Հայաստանի արդի արհեստագիտութեան շարք մը կեդրոններ։
«Հայ Դատի առաքելութեան կարեւոր մէկ մասնիկն է ջատագովել Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական եւ առեւտրական յարաբերութեան սերտացումը։ Իբրեւ աշխարհի հինգերորդ մեծագոյն տնտեսութիւնը ունեցող քաղաքական միաւորը, որ միաժամանակ տունն է Սփիւռքի մէջ մեծագոյն կազմակերպուած համայնքին, Քալիֆորնիա իւրայատուկ տեղ ունի այս առաքելութեան իրականացման ջանքերուն մէջ։ Ուրախ ենք, որ պետական նման բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ արդի արհեստագիտութեան մարզի հեղինակաւոր հաստատութեանց ներկայացուցիչներ մեզի կը միանան դէպի Նոր Հայաստան կատարելիք մեր այցելութեան ընթացքին, յատկապէս այս պահուն, երբ մեր հայրենիքը իր դռները կը բանայ ներդրումներու դիմաց եւ պատրաստ է երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու։ Կ՛ակնկալենք գոյացնել երկու կողմերուն համար եւս նպաստաւոր համաձայնութիւններ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
Հայաստան այցելութեան լաւապէս նախապատրաստուելու նպատակով, Օգոստոս 13ին Սաքրամենթոյի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները քննեցին այցելութեան վերաբերող 160 էջնոց թղթածրարը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հայաստան այցելող պատուիրակութեան անդամներուն։
Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ ողջունած է այս այցելութեան կազմակերպումը, որ առիթ պիտի ընծայէ նահանգին եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց սետացման։
Իր կարգին, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան դրուատած է այս գծով Փորթանթինոյի ջանքերը՝ յիշեցնելով, որ ան ատենապետն է Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին մէջ գործող Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին։
Նշեալ երկուքի կողքին, պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն հետեւեալները. Հենրի Սթըրն (Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ), Աթըմ Պըրք եւ Էվըն Լօ (Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ), Արտաշէս «Արտի» Քասախեան (Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար), Վիքրամ Այէր («Փոթմէյց»ի փոխնախագահ), Էն Պլեքուուտ (Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ «Ֆէյսպուք»ի հանրային քաղաքականութեան պետ), Անտրէա Տիվաու («Սթրեթիճիզ 360»ի փոխնախագահ), Մերիսա Խաչիկեան («Օրաքըլ»ի պետական հարցերու վարիչ), Էլէն Ասատրեան («Սթարք»ի տնօրէն), իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն՝ ատենապետ Նորա Յովսէփեան, գանձապահ Հերմինէ Փախանեանս, վարչութեան անդամ Պերճ Կարապետեան եւ հաղորդակցութեանց համակարգող Տիգրան Խոտանեան։