ԱՀ Նախագահը Ընդունած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Պատուիրակութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Օգոստոս 22-ին, ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը՝ Վարդան Փարթամեանի գլխաւորութեամբ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպուման ընթացքին քննարկուած են հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:

Հանդիպումին մասնակցած են պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան եւ  քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան:

Scroll Up