Ֆրեզնոյի Մէջ Ուիլեըմ Սարոյեանի Տուն-թանգարան Պիտի Բացուի

Օգոստոս 31-ին՝ Ուիլեըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակին, Ֆրեզնոյի մէջ պիտի բացուի գրողի տուն-թանգարանը:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ բացումը պիտի կայանայ տեղի համալսարանի «Սէթըլիթ Եունիըն» դահլիճին մէջ: Ձեռնարկը պիտի սկսի Սարոյեանի կեանքին նուիրուած ցուցահանդէսով, որուն պիտի յաջորդէ Ուիլեըմ Սարոյեանի եւ «Սարոյեան Հաուս» նախագիծին մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրութիւնը:
«Սարոյեան Հաուս» նախագիծի սկիզբը ազդարարուած էր 2016 թուականին, երբ «Վերածնունդ» մշակութային եւ զարգացման հիմնադրամը ձեռք բերած է Ուիլեըմ Սարոյեանի՝ Ֆրեզնոյի Կրիֆիթ Ուէյ (W Griffith Way) 2729 հասցէին վրայ գտնուող տունը, ուր գրողը անցուցած է կեանքին վերջին 17 տարիները:
Նշանաւոր գրողը լիարժէք ներկայացնելու համար՝ «Սարոյեան Հաուս» նախագիծը ստեղծած է սարոյանական ամենամեծ թուայնացուած արխիւը, հաւաքագրած է ու կը շարունակէ տարբեր միջոցներով ձեռք բերել Սարոյեանին առնչուող իրեր, լուսանկարներ, գունանկարներ, ֆիլմեր, ձայնագրութիւններ: Ամբողջ նիւթը թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի ճարտարագիտական լուծումներով: Սրահներէն մէկուն մէջ «ներկայ» պիտի ըլլայ գրողը՝ հոլոկրաֆիք պատկերով:
Յետագային, տուն-թանգարանը պիտի դառնայ նաեւ սարոյանագիտութեան կեդրոն: Նորարարական բոլոր լուծումներով թանգարանը տարածաշրջանին մէջ առաջինն է, իսկ իբրեւ Սարոյեանի տուն-թանգարան՝ առաջինը աշխարհի մէջ: