Աղթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ՄԷջ 3 Տարուան Ընդմիջումէն Ետք Կրկին Պատարագ Կը Մատուցուի

Երեք տարուան ընդմիջումէն ետք կրկին սեպտեմբեր 9-ին Վանի Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի կողմէ կը մատուցուի պատարագ:

Ինչպէս նախապէս  տեղեկացուցած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեան, մինչ այժմ պատարագներ չեն մատուցուած անվտանգութեան որոշակի նկատառումներով:

Արդէն բազմաթիւ յայտեր  ստացուած են զբօսաշրջական գործակալութիւններու կողմէ, իսկ հիւրանոցներուն մէջ մարդիկ սկսած են ամրագրման գործընթացները:

Նախորդ տարիներուն մատուցուած պատարագներուն մասնակցած են բազմաթիւ մարդիկ Հայաստանէն, Թուրքիայէն, Հոլանտայէն, Աւստրիայէն, Գանատայէն, ԱՄՆ-էն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն:

Թեմային անդրադարձած է մշակոյթի Վանի առեւտրա-արդիւաբերական պալատի գործադիր խորհուրդի անդամ Մուրատ Պէյազը:

«Վանը կրնանք դարձնել Թուրքիոյ կրօնական (ուխտագնացային) զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Հայերն ալ նման ակնկալիքներ ունին»:

Ան նկատել  տուած է, որ  Պոլսէն, Հայաստանէն եւ աշխարհի շատ երկիրներէ հայեր  մեկնած են, որպէսզի մասնակցին պատարագին: Իսկ Վանի մշակոյթի եւ զբնօսաշրջութեան նահանգային վարչութեան տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղն ըսած է.

«Զբօսաշրջիկները հետաքրքրուած են այն եկեղեցիներով, ուր պատարագ կը մատուցուին: Այդ իսկ պատճառով այցելուներու քանակը շարունակաբար կ՛աճի»:

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ վերականգնուած էր 2010 թուականին եւ բացուած թանգարանի կարգավիճակով: Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք  հայ համայնքը տարին մէկ անգամ այնտեղ պատարագ մատուցելու թոյլտւություն ունի, կը գրէ Էրմէնիհաբերը:

Scroll Up