ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Բանակումը Եւ Խարուկահանդէսը Նոր Հեռանկարներու Մեկնակէտ

Երիտասարդութիւնը  նման է  պարարտ հողի վրայ աճող պտղատու ծառին: Ցանկացած կազմակերպութեան  հիմքը անոր երիտասարդութեան դաստիարակութիւնն է: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի բովէն անցած երիտասարդութեան կեանքի  հիմնասիւն  դարձած է Հայրենիքը, Միութիւնը եւ Աստուծոյ հանդէպ  հաւատքը:

Նախորդ  տարիներուն նման, ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի  սկաուտական շարժումը Օգոստոս ամսուան ընթացքին  կազմակերպեց տարեկան մեծ բանակումը եւ խարուկահանդէսը: Այս  տարուան բանակումի  վայր  ընտրուած էր Պըզպտինը:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական շարժումի պատասախանատու խումբեր երէցները,  խմբապետական կազմերը եւ սկաուտներու առաջնորդներ եւ փոխառաջնորդները, հարիւր անձ, նախապէս մեկնելով բանակումի վայրը, ձեռնարկեցին նախապատրաստական աշխատանքները: Անմիջապէս բարձրացաւ բանակավայրի կայմը, պատրաստուեցաւ խոհանոցը:Աշխատանքը աւարտեցաւ չորս օրերու ընթացքին: Բանակավայրը արդէն  պատրաստ էր ընդունելու սկաուտական խումբերը:

Կայմը բարձրանալէ ետք,  Կիրակի, 31 Յուլիսին,  իբրեւ նախկին ընդհանուր խմբապետ եղբայր Վիգէն  Չերչեան, սկաուտական խումբի  այժմու խմբապետ  եղբայր Եղիկ Աւետիքեանին փոխանցեց  աւանդական դրօշակը:

Տարեկան  բանակումին  առիթով սկաուտական  շարժումը  ընտրած էր երկու կարգախօս: Առաջինը՝ տիպար ընտանիք, այսինքն՝   սկաուտական բոլոր խմբակները   կը ներկայանան  իբրեւ մէկ ընտանիք, միասնաբար կը ծրագրեն եւ գործադրեն իրենց առաջադրանքները: Երկրորդը՝ առաւելագոյն  չափով օգտուիլ միջավայրի թափօններէն: Օրինակի համար,  անգործածելի անիւները  վերածել նստարանի  եւ այլն:

Բանակումին առօրեան  ճոխ էր կազմակերպչական, դաստիարակչական, խմբային խաղերով եւ ժամանցի յայտագիրներով, պտոյտներով, քայլարշաւներով,  հանդիպումներով,կրակի շուրջ ուրախ երեկոներով:

Արենուշները,  Չորեքշաբթի,  1 Օգոստոսին բարձրացան   բանակավայր, , անոնք  բաժնուած էին  չորս խումբերու:  Բանակավայրէն  վերադարձան Հինգշաբթի,  9 Օգոստոսին: Արենուշները  աշխատանքի  բնաբան  ընտրած էին՝ հաղորդակցիր  քու ներքին  երեխայիդ  հետ կարգախօսը (connect to your inner child ): Այսինքն, առիթ ընծայել պատանիներուն   բացայայտելու իրենց մէջ  պահուած  երազները եւ  հետապնդել զանոնք:  Արենուշները բանակումի առաջին  երկու օրերը,  պատրաստեցին  եւ զարդարեցին իրենց   վրաններուն մուտքը:

Շաբաթ, 4 Օգոստոսին, արենուշները  իրենց  պատրաստած  ճաշերը հիւրասիրեցին շրջանի գիւղացիներուն:  Անոնք  կազմակերպեցին   Rally Paper-ներ,  դաստիարակչական խաղեր, լսեցին զեկոյցներ, խմբային խաղեր:  Շաբաթ, 4 Օգոստոսի երեկոյեան  քոյր  Անժելիքա   Այվազեան  խմբապետուհիի կարգի երդում տուաւ քոմիսէր Փերուզ Թիւթիւնճեանին: Կիրակի, 5 Օգոստոսի առաւօտեան, մեծ թիւով  ծնողներու  ներկայութեան,   քոմիսէր Փերուզ  Քոյր  Սարին Քեսմէեան եւ Անժելիքա  Այվազեան ընդունեցին ինը  արենուշներու  երդումը:

Արենուշները   Կիրակի  երեկոյեան  ձեռնարկեցին արշաւ մը, բանակավայրէն դէպի Մասուրիյէ՝waves եւ հսկայ  տարածութիւնը հատելէ ետք, Երկուշաբթի  օր վերադարձան  բանակավայր:

Արծուիկները  Չորեքշաբթի, 1  Օգոստոսին բարձրացան բանակավայր: Անոնք   Կիրակի 5 Օգոստոսին  վերադարձան Պէյրութ:  Արծուիկները  զեկոյցներ լսեցին Առաջին Օգնութեան եւ կենսոլորտի ապականութեան  մասին: Անոնք կազմակերպեցին  Rallye Paper, որուն  հիմնական  հարցումները  կը վերաբերէին   ՀԲԸՄ-ի պատմութեան:

Հինգշաբթի, 9 Օգոստոս 2018-ի առաւօտեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտները եւ թիթեռները բարձրացան Պըզպտինի  բանակավայրը: Թիթեռները, իրենց  միօրեայ  յայտագիրը ամբողջացնելէ  ետք, երեկոյեան  վերադարձան  Պէյրութ:

Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտները  քայլարշաւ մը կազմակերպեցին   բանակավայրէն դէպի   ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոն, ապա՝  Ռիօ Լենթօ զբօսավայրը: Յատկանշականօրէն երկար սոյն  քայլարշաւին նպատակն էր   սորվիլ  համբերատարութիւն,  հանդուրժողութիւն, յաղթահարել դժուարութիւնները եւ հասնիլ նպատակակէտին: Սկաուտները, Տեմիրճեան կեդրոնի մէջ գիշերելէ ետք, յաջորդ օրը օթոպիւսերով վերադարձան բանակավայր:

Նախքան խարուկահանդէսը  գայլիկներ, արծուիկներ եւ  սկաուտներու խումբերուն մէջ   տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն:

Բանակումի ընթացքին այս  տարի  տեղի ունեցաւ աննախընթաց երեւոյթ մը, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  հինգ խմբապետ խմբապետուհիներ կատարեցին իրենց խմբապետական երդումը: Լէա Ինքնատիոսեան, Եղիկ Աւետիքեան, Ռաֆֆի  Խաչատուեանը- Scout du Liban-ի  ներկայացուցիչներէն ստացան պաշտօնական խմբապետ-խմբապետուհիի կոչում ( Էքրեթէ Խմբապետ), իսկ AEL-ի ներկայացուցիչներու առջեւ,որոնց մէջ քոմիսէր  քոյր Փերուզ Թիւթիւնճեանը՝ Անժելիքա Այվազեան կատարեց արենուշական խմբապետուհիի երդումը,  Գարլա Աբրահամեան՝ Քառավելական խմբապետուհիի երդումը,

Շաբաթ,  18 Օգոստոս  2018, յետմիջօրէի  ժամը  4-էն  սկսեալ արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր   Պըզպտինի  բանակավարին մէջ:

ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ եւ անդամներ,  ՀԲԸՄ-ի վարիչ  տնօրէնուհին, Սքութ տիւ Լիպանի եւ  Ասոսիասիոն տէ Էքլերէոզ տիւ  Լիպանի ներկայացուցիչներ, ՀԵԸ-ի վեթերան սկաուտներու  համախմբումի վարչութեան ատենապետուհին եւ անդամներ,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ  Անդրանիկ Սեւանի Գործադիրի ատենապետ եւ անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ծնողաց եւ մայրերու վարչութեանց ատենապետներ եւ անդամներ, հիւրեր, ծնողներ, միութենականներ, հազար եւ աւելի հաշուող բազմութիւն մը  կը  սպասէին  խարուկահանդէսը:

Բանակավայրին  կեդրոնը բարձրացած էր ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտներուն պատրաստած  գունաւոր  կայմը: Անոր վրայ կը   ծածանէին Լիբանանի, Հայաստանի, Սքութ տիւ Լիպանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի դրօշները: Կայմը կը խորհրդանշէր սկաուտական  ընտանիքին միասնականութիւնը:

ՀԵԸ-ի Անդրանիկ փողերախումբին գլխաւորութեամբ հերթաբար բանակավայր մուտք գործեցին ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի թիթեռները,խմբապետուհի Արաքս  Չերչեանի,փոխխմբապետուհի Վանա Արսլանեանի,օգնական Սարին Քեշիշեան, գլխաւորութեամբ:

Գայլիկները խմբապետուհի Լէա Ինքնատիոսեանի, փոխխմբապետուհիներ Գարինա Թոքաճեանի, Քաթիա Սընըքճեանի, Նարին Թենպէլեանի եւ Վերժին Քէշիշեանի, օգնական՝   Մեղրի Տաքեսեանի գլխաւորութեամբ:

Արծուիկները, փոխխմբապետուհիներ Սելին Քիսոյեանի եւ Հերա Մազլումեանի, օգնական  Էմիլի Մելքիսեթեանի գլխաւորութեամբ:

Արենուշները՝ ատենապետուհի Անժելիքա Այվազեանի, փոխխմբապետուհիներ Կասիա Պոյաճեանի եւ Արեւ Սէֆէրեանի, օգնական  Լոռի Քելեշեանի  գլխաւորութեամբ:

Սկաուտները՝ խմբապետ  Եղիկ Աւետիքեանի, փոխխմբապետներ՝ Սերժ Քոճապապեանի Մանուէլ  Տաքեսեանի, Յովիկ Գոլանճեանի, օգնական  Ալեքս Մանուկեանի գլխաւորութեամբ:

Քառավելները՝ խմբապետուհի Գարլա Աբրահամեանի, փոխխմբապետուհի Լորէն Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ:

Երէցները՝ խմբապետ Ռաֆֆի Խաչատուրեանի, փոխխմբապետներ Կարպիս Սերչէյեանի եւ Սեւակ Հատճեքեանի  գլխաւորութեամբ:

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի  փողերախումին  կատարողութեամբ,   Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւՀԵԸ-ի  քայլերգները  յոտնկայս ունկնդրելէ  ետք, յանուն ՀԵԸ  Անդրանիկ  Անթիլիասի, արենուշներու  օգնական  Լոռի  Քելեշեան   բարի գալուստ մաղթեց   ներկաներուն եւ հրաւիրեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր  Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քեշիշեանը փոխանցելու  մասնաճիւղին խօսքը: Եղբայր  Գրիգոր  Քեշիշեան (արաբերէն լեզուով) շնորհակալութիւն յայտնեց  Հասպայայի  քաղաքապետութեան, բանակավայրը  տրամադրելու առիթով, ապա  արժեւորեց  բանակումի առաջին իսկ օրէն  բանակավայրին մէջ ստեղծուած  հաւաքական աշխատանքի եւ միասնականութեան մթնոլորտը:  Ան  նաեւ  շնորհակալութիւն յայտնեց արժանապատիւ  Տէր  Ղեւոնդ  քահանայ  Լոշխաճեանին,  բանակավայրին  մէջ խաղողօրհնէքի արարողութիւն  կատարելու  համար:

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ  Վիգէն Չերչեան յայտնեց, թէ տարուան մը հետեւողական աշխատանքի արդիւնք էր  այս  տարուան  խարուկահանդէսին  մեծաթիւ մասնակցութիւնը: Ան աւելցուց, թէ շնորհիւ այս  ծրագրաւորուած  եւ  հոգատար աշխատանքին, այսօրուան դրութեամբ 380 անդամ-անդամուհի կը հաշուէ ՀԵԸ Անդրանիկ Սկաուտական  շարժումը: Վիգէն  Չերչեան անդրադարձաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  արձանագրած նուաճումներուն  եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոնց յառաջիկայ աշխատանքներուն: Իր խօսքի առւարտին,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը  շնորհակալութիւն յայտնեց  ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի  Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետին եւ վարչութեան անդամներուն, SGBL դրամատան տնօրէնութեան,ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան իր  գործընկերներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինին, սկաուտական Վարչութեան, սկաուտական ծնողաց վարչութեան,վեթերան սկաուտներու վարչութեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի բոլոր  խմբապետ-խմբապետուհիներուն, խմբապետական կազմի անդամներուն, որոնք ոչ  մէկ ճիգ  կը խնայեն ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական շարժումի  յաջողութեան:

Խարոյկը   վարելու  համար    հերթաբար  հրաւիրուեցան  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  վեթերան նախկին  ընդհանուր խմբապետներ Գէորգ Սանթուրեանը,  Վիգէն Չերչեանը, Վաչէ Աւետիքեանը եւ  Գրիգոր Քեշիշեանը:

Ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն կը տիրէր  Պըզպտինի բանակավայրին մէջ: Ճարճատող կրակին  շուրջ  ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբը առաւել բարձրացուց  տրամադրութիւնները ազգային, հայրենասիրական  նուագներով: Գործադրուեցաւ  գեղարուեստական   յայտագիր:

Խարուկահանդէսին   գլխաւոր նիւթը  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ն էր, անոնց գործունէութիւնը:  Ինչպէս   ծանօթ է, աշխարհատարած ՀԲԸՄ-ը  առնուազն   երեսուն  երկիրներու  մէջ հաստատած է  բազմաթիւ  կեդրոններ:   ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը   խարուկահանդէսին առիթով   պատրաստուած գեղարուեստական   յայտագիրով, Լիբանանի ՀԵԸ-ի սկաուտները  Պէյրութի  միջազգային  օդակայանէն  թռիչք առնելով,   շրջապտոյտ մը կատարեցին  դէպի կարգ մը երկիրներ,  ուր կը գործեն  Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան  կեդրոններ: Ներկաները  մեծ պաստառի վրայ ծանօթացան այդ  երկիրներու մշակոյթին, աւանդութիւններուն, իսկ բեմահարթակին վրայ  մատուցուեցան  տուեալ  երկրի ազգային պարերէն  նմոյշներ, սկսելով Եգիպտոս՝  Գահիրէյէն  իբրեւ ՀԲԸՄ-ի  հիմնադրավայրը, Հայաստան, Հարաւ Ափրիկէ, Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա,  Ռուսիա, Յունաստան:  Միաժամանակ մեծ պաստառի  վրայ   ցուցադրուեցաւ  անցնող  12 ամիսներուն ընթացքին, ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի գործունէութիւնը խտացնող   նկարներ:  Վերջաւորութեան օդանաւը  վայրէջք  կատարեց  Պէյրութի   միջազգային  օդակայանը: Գեղարուեստական   յայտագիրի  բեմահարթակին վրայ կը  ճօճէին   ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւն  ծաւալած  երկիրներուն դրօշները, անոնց   աշխարհագրական  քարտէսը, իսկ աւելի քան երեք հարիւր ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  սկաուտներ  բարձրացուցած էին   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կարմիր –կապոյտ դրօշը:

  Խանդավառ այս  մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցան  սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:  Յատուկ  շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ բոլոր այն անհատներուն,  կառոյցներուն, հաստատութիւններուն որոնք զանազան միջոցներով սատար  հանդիսացան    ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի   տարեկան բանակումին յաջողութեան:

Խարուկահանդէսը աւարտեցաւ  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  սկաուտական  շարժումի հին եւ  նոր անդամներու մասնակցութեամբ   «ցտեսութեան երգ»ով:

Գնահատելի  աշխատանք:

ՀԵԸ-Ի  ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Scroll Up