Պուխարեստի ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ «Հայերէնի Ինքնուսոյց Ռումանախօսներու Համար» Գիրքի Շնորհանդէսը
Oգոստոս 3-5 Պուխարեստի մէջ տեղի ունեցած «Հայկական փողոց» փառատօնի ծիրէն ներս կայացաւ հայերէնի ուսուցման այլընտրանքային մեթոտով գրուած «Հայերէնի ինքնուսոյց ռումանախօսներու համար» գիրքի շնորհանդէսը, որուն հեղինակը քանի մը տարի առաջ ուսման նպատակով Ռումանիա տեղափոխուած, քաղաքագիտութեան դոկտոր Արսէն Արզումանեանն է:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Պուխարեստի «Արարատ» ամսագիրէն, շնորհանդէսի ընթացքին գիրքը ներկայացուցին Ռումանիոյ հայոց միութեան (ՌՀՄ) նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան, ՌՀՄ փոխնախագահ Վարուժան Փամբուկչեան, իսկ հեղինակը ներկայացուց հայոց լեզուի պատմութիւնը, յատուկ ռումանախօսներու համար իր մշակած գիրքի մեթոտաբանութիւնը, գիրքէն տարբեր հետաքրքիր հատուածներ, հայերէնի եւ ռումաներէնի, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միջեւ շարք մը ընդհանրութիւններ եւ տարբերութիւններ:
Գիրքի վերնագիրը ռումաներէնով կը կարդացուի «Հայերէնի ուսուցում առանց ուսուցիչի»: Ընդամէնը 33 դասի ընթացքին այլընտրանքային տառադարձային տարբերակով ռումաներէն կը ներկայացուի հայերէնի քերականութիւնը` հաշուի առնելով երկու լեզուներու ընդհանրութիւններն ու տարբերութիւնները: Տառադարձութեան սկզբունքն ամբողջովին յարմարեցուած է ռումաներէնին, որուն միջոցով կը տրուին միաժամանակ ուղղագրութեան եւ հնչիւնաբանութեան հետ կապուած լուծումներ: Առաջին դասէն սկսած կը ներկայացուին հայոց այբուբենի տառերը, իսկ տասնմէկերորդ դասէն սկսած շարք մը վարժութիւններ կրնան ընել մինչեւ այդ սորված հայերէն տառերու իմացութիւնը: Վերջնական ակնկալուող արդիւնքը հայերէն խօսիլ, գրել ու կարդալ կարենալն է:
Դասերու հերթականութիւնը պատահական չէ. այն կ՛արտայայտէ լեզուի ուսուցման գործընթացի տրամաբանական շղթան: Յաւելուածներէն մէկուն մէջ կը տրուին գրական հայերէնի շարք մը բառերու արդի խօսակցական ձեւերը: Բացի այդ, դասերն ունին վարժութիւններ, իսկ գիրքի աւարտին ընթերցողները կրնան գտնել ատոնց պատասխանները: Այս ամէնէն բացի, կը ներկայացուի քերականօրէն հեշտ ընկալելի եւ պարզ բառապաշարով հինգ հայերէն երգ, ինչպէս նաեւ ատոնց ռումաներէն թարգմանութիւններն ու որոշ քերականական կառուցուածքներու բացատրութիւնները:
Արսէն Արզումանեանի մտքին մէջ այսպիսի մեթոտով գիրքի գաղափարը ծնաւ մօտ հինգ տարի առաջ, երբ համայնքի անդամներէն իրեն խնդրեցին հայերէն սորվեցնել: Քայլ առ քայլ գաղափարը կատարելագործուեցաւ, յղկուեցաւ Պուխարեստի եւ այլ քաղաքներու մէջ հէնց այս մեթոտով դասընթացներ իրականացնելու ընթացքին: Ժամանակի ընթացքին հեղինակը հասկցաւ, որ Ռումանիոյ պէս հազարամեայ հայկական համայնք ունեցող երկրի մը մէջ, ուր հայերու ճնշող մեծամասնութիւնը հայախօս չէ, քանի մը անգամ աւելի արագ եւ արդիւնաւէտ է սորվիլ հայերէնի քերականական նրբութիւնները ռումաներէնով եւ ատոր յարմարեցուած տառադարձութեամբ, իսկ ամէն դասին զուգահեռ սորվիլ նաեւ հայերէն տառերը, գրել տարբեր բառեր, ապա ընել շարք մը լեզուական վարժութիւններ, եւ այս ամէնն առանց կողմնակի օգնութեան: Այս պարագային ընթերցողէն կը պահանջուի շատ աւելի կարճ ժամանակահատուած հայերէն խօսիլ, գրել եւ կարդալ կարենալու համար:
Գիրքը տպագրուած է Պուխարեստի «Արարատ» հրատարակչութեան կողմէ` Ռումանիոյ պետական պիւտճէի ֆինանսաւորմամբ: Հաշուի առնելով այն փաստը, որ հեղինակի առաջնային նպատակը հայապահպանութիւնը խթանելն է եւ հայոց լեզուի տարածումը` որպէս ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն միջոց, գիրքը կը տրուի ցանկացողներուն անվճար: Առաջին տպաքանակն ամբողջութեամբ սպառեցաւ հէնց շնորհանդէսին օրը:
Գիրքի նախաբանին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ նաեւ գիրքի դասերն ու քերականական նրբութիւնները իւրացնելու մեթոտաբանութիւնը,որուն շնորհիւ համեմատաբար աւելի կարճ ժամանակահատուածի մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ սորվիլ հայերէն, վարժուիլ հայերէնի եւ ռումաներէնի միջեւ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ տարբերութիւնները: Ինչպէս հեղինակը կը նշէ. «Արդիւնք ունենալու համար պէտք է «ապրիլ» այդ լեզուով, եւ որքան ալ տառերն ու լեզուն` իր քերականական կանոններով, բարդ կը թուին, նպատակասլաց աշխատանքի պարագային հնարաւոր է յաղթահարել դժուարութիւններն ու հասնիլ ցանկալի արդիւնքի»: