2019-ին Բերձորը Ժամանակակից Չափանիշներու Համապատասխան Նոր Հիւանդանոց Պիտի Ունենայ
Արցախի կառավարութեան եւ «Վիւա-սել- ՄՏՍ Արմէնիա» ընկերութեան համաֆինանսաւորմամբ Բերձորի մէջ նոր հիւանդանոց կը կառուցուի:
Ըստ «Արցախփրես»-ի Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան շինարարութեան վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Լեւոն Հարոյան ըսած է, որ բժշկական հաստատութեան շինարարական աշխատանքները սկսած են 2012 թուականէն:
Անոր խօսքով` հիւանդանոցը եռյարկանի է` ներառեալ նկուղային յարկը: Շինարարական աշխատանքներու մեծ մասը աւարտած է: Այժմ կ՛ընթանայ շինութեան ներքին յարդարման եւ յատակներու տեղադրման աշխատանքները: Պիտի իրականացուի նաեւ տարածքի բարեկարգում:
«Հիւանդանոցի շէնքը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ ժամանակակից չափանիշներուն: Բերձորի բժշկական հաստատութիւնը պիտի ունենայ վիրահատարան, ծնարան, դիահերձարան, մանկական բաժանմունք եւ կայուն բուժման համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցները»,- տեղեկացուցած է Հարոյան եւ նշել, որ հիւանդանոցը շահագործման պիտի յանձնուի 2019-ին: