Պետութեան եւ Ժողովուրդին Դէմ Յանցագործութիւն Կատարած Բոլոր Անձիք Պատասխանատւութեան Պիտի Ենթարկուին. Նիկոլ Փաշինեան (տեսանիւթ)

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաստատուած է ժողովուրդի իշխանութիւն, եւ չկայ ուժ, որ ի վիճակի ըլլայ կանգնիլ ժողովուրդի իշխանութեան առջեւ, կանգնեցնել ժողովուրդի յեղափոխութեան ճանապարհը, ով որ կը փորձէ կանգնիլ այդ ճանապարհին` պիտի յայտնուի պատմութեան աղբանոցին մէջ: Այս մասին այսօր իր ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերի ընթացքին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրինականութեան հաստատումը այլընտրանք չունի: «Պետութեան եւ ժողովուրդին դէմ յանցագործութիւն կատարած բոլոր անձիք պիտի ենթարկուին պատասխանատւութեան, այս ճանապարհը այլընտրանք չունի եւ բոլորը պատասխան պիտի տան իրենց արարքներուն համար ՀՀ օրէնքներու սահմանուած կարգով»,-ըսաւ ան:
Վարչապետը նշեց նաեւ, որ այս ողջ գործընթացի ընթացքին կառավարութիւնը, իշխանութիւնը նոյնպիսի պատասխանատւութիւն կը զգայ պետականութեան, ժողովուրդին առջեւ, եւ իրենք այս քաղաքական գործընթացը պիտի կազմակերպեն ժողովուրդէն ստացած լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ եւ ոչ մէկ պարագայի պիտի չանցնին այդ սահմանները:
«Մենք չենք ուզեր ուրիշներու ապօրինութիւնները, փոխարինել մեր ապօրինութիւններով, ուրիշներու թալանը փոխարինել մեր թալանով, մենք չենք ուզեր ուրիշներու գողցածը տեղափոխել մեր գրպաննները, այլ կ՛ուզենք տեղափոխել պետական պիւտճէ: Բոլոր յանցագործները պիտի ենթարկուին պատասխանատուութեան, ժողովուրդէն գողցուած ամէն մէկ լուման, ամէն մէկ կոպեկը պիտի վերադարձուի ժողովուրդին»,-ըսաւ ան:
Փաշինեան եւս շեշտեց, որ ոչ բռնի թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթարշաւը պարզապէս այլընտրանք չունի, քանի որ Հայաստանի մէջ կայ մէկ տէր, մէկ իշխանութիւն, եւ ատիկա ՀՀ քաղաքացին է: Այսպիսով ան բոլորը Օգոստոսի 17-ին` ժամը 18:30-ին, հրաւիրեց Հանրապետութեան հրապարակ` քաղաքացիի իշխանութեան հաստատման հարիւր օրը ամփոփելու համար եւ խօսելու յետագայ յաղթարշաւի արդիւնքներուն մասին: