Բակօ Սահակեան Ընդունած է ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի Նախագահ Վազգէն Յակուբեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Օգոստոս 13-ին, ընդունած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի նախագահ Վազգէն Յակուբեանը եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) փոխնախագահ Աշոտ Ղազարեանը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են մեր հանրապետութեան մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր: Առանձնակի ուշադրութիւն դարձուած է Արցախի պետական համալսարանի նոր գլխաւոր մասնաշէնքի կառուցման գործընթացին:
Նախագահը կարեւոր համարած է նախագիծին իրականացումը՝ ընդգծելով, որ ժամանակակից պայմաններուն համապատասխանող ենթակառուցուածքները կարեւոր ներդրում պիտի ունենան մայր համալսարանի գիտակրթական մակարդակի բարձրացման գործին մէջ: