Ամառնային Ճամբար` Սեւ Ծովի Ափին. Ամփոփուեցաւ Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան 7-րդ Մանկապատանեկան Ճամբարը

Ուքրանիոյ բոլոր շրջաններէն եւ Հայաստանէն շուրջ 60 երեխայ իրենց ամառնային արձակուրդն անցուցած են Սեւ ծովի ափին` Ուքրանիոյ հայերու միութեան (ՈՒՀՄ) մանկապատանեկան ճամբարին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՈՒՀՄ-էն:
«Սա իր տեսակին մէջ իւրայատուկ պարգեւատրում է այն երեխաներուն, որոնք ունին բարձր առաջադիմութիւն, գրանցած են յաջողութիւններ մարմնամարզութեան կամ արուեստի բնագաւառներուն մէջ, աշխոյժ ներգրաւուած եղած են հայ համայնքի կեանքին մէջ: Այս տարի թիւով 7-րդ ճամբարն է, կը մասնակցին երեխաներ ո՛չ միայն Ուքրանիոյ բոլոր շրջաններէն, այլեւ Հայաստանէն»,-կ՛ըսէ ՈՒՀՄ գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան:
Նախորդ տարիներուն ՈՒՀՄ ամառնային ճամբարին մասնակցած են երեխաներ նաեւ Արցախէն եւ Պուլկարիայէն: Արդէն միջազգային ձեւաչափ ստացած ճամբարը կը տեւէ 14 օր: Միապաղաղ առօրեան այստեղ կը փոխարինուի գերհագեցուած ծրագիրով` վարպետութեան դասեր, հայոց պատմութեան ու լեզուի պարապմունքներ, գեղանկարչութիւն, երգ, պար, մտաւոր խաղեր եւ պարզապէս հանգիստ Սեւ ծովի ափին:
«Ի հարկէ, դժուար է միանգամէն հոգալ 60 երեխայի անվտանգութեան մասին, հետեւիլ, որ լիարժէք սնուին, իրար չվնասեն, աշխոյժ մասնակցին դասընթացներուն: Բայց սա հաճելի լարուածութիւն է, կը կարծեմ, բոլոր ջոկատավարներուն համար: Երեխաներէն աննկարագրելի մեծ եռանդ ու դրական լիցքեր կը ստանան: Ի վերջոյ, այս ճամբարին մէջ մեզմէ շատերը գտած են իրենց իսկական ընկերները կամ առաջին անգամ սիրահարուած»- կը պատմէ ճամբարի ջոկատավար Եկատերինա Ծատուրեան:
14 օրերուն ընթացքին երեխաները տարբեր հանդիպումներ ունեցած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Օրինակ, պատմաբան Դաւիթ Դաւթեանի հետ այցելած են Արեւելեան Եւրոպայի ամենահին հայկական եկեղեցիներէն մէկը, որ կը գտնուի Պելգորոդ-Տնեստրովսկի մէջ:
«Ինծի զարմացուց, թէ որքան կապուած են այստեղ ապրող երեխաները Հայաստանին, հայկական մշակոյթին, աւանդոյթներուն: Ճամբարին մէջ ունինք օրեր, երբ բացի հայերէնէն, այլ լեզուով խօսիլ չի կարելի: Շատ ծիծաղելի դէպքեր կ՛ըլլան յատկապէս այն երեխաներուն հետ, որոնք դժուարութեամբ կը խօսին հայերէն, բայց ատիկա անոնց կ՛օգնէ նոր բառեր սորվելու»,- կը պատմէ Հայաստանէն ժամանած Դաւիթ Վարդանեան:
Ճամբարի մասնակիցներուն հետ հանդիպած է նաեւ Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեան, որ մասնակցեցաւ երեխաներու կազմակերպած «Ով կ՛ուզէ դառնալ միլիոնատէր խաղին»: Խաղէն յետոյ երեխաները հնչեցուցին իրենց առաջարկութիւնները` կապուած ճամբարին հետ:
«Ես համաձայն եմ ընդառաջելու ձեր բոլոր ցանկութիւններուն, միայն երկու պայմանով: Առաջինը` դուք պէտք է շատ լաւ սորվիք: Դարձէք լաւ մասնագէտներ, եղէք պիտանի մարդիկ ինչպէս աշխարհին, այնպէս ալ Ձեր երկրին ու հայրենակիցներուն համար: Երկրորդ` ճամբարի հիմնական նպատակը ձեր ծանօթութիւնն է, պահպանէք այստեղ ստեղծած Ձեր ընկերութիւնը նաեւ ճամբարէն յետոյ: Վստահ եղէք, որ բոլոր քաղաքներուն, աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ ունիք եղբայրներ, քոյրեր, հայրենակիցներ, օգնէք ու աջակից եղէք զիրար»,- երեխաներուն հետ զրոյցին ըսաւ ՈՒՀՄ նախագահ Վիլեն Շատուորեան:
Ճամբարին մէջ անցուցած 14 օրերը երեխաներն ամփոփեցին գեղեցիկ համերգային ծրագիրով, ցուցադրեցին ճամբարին մէջ սորված հայկական պարն ու երգը: ծափերուն զուգահեռ նկատելի էին նաեւ արցունքներ. երեխաները հասցուցած էին ընկերանալ: Իրար հրաժեշտ տուին նոր հանդիպման ակնկալիքով: