ՀՀ Կառավարութիւնը Սահմանեց Զինուորական Ծառայութեան Ընթացքին Զոհուած Զինծառայողի Ընտանիքին Դրամական Աջակցութիւն Տալու Կարգը

ՀՀ կառավարութիւնը, Օգոստոս 9-ին, սահմանեց ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ կամ զինուորական ծառայութեան ընթացքին զոհուած (մահացած) զինծառայողի ընտանիքին դրամական աջակցութիւն տալու կարգը եւ դրամական աջակցութեան չափերը:
Կը սահմանուի նաեւ զինուորական ծառայութեան ժամանակ զոհուած զինծառայողներու յուղարկաւորութեան, գերեզմաններու բարեկարգման, տապանաքարերու պատրաստման եւ տեղադրման հետ կապուած ծախսերը ՀՀ պետական պիւտճէի միջոցներու հաշուին հատուցելու կարգը, հաշմանդամութեան զինուորական կենսաթոշակի իրաւունք ունեցող նախկին զինծառայողներուն, ծառայութեան ընթացքին զոհուած (մահացած) զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն տրուող միանուագ դրամական օգնութեան չափը, վճարման կարգը եւ պայմանները:
«Իբրեւ արդիւնք՝ պիտի ապահովուի «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» ՀՀ օրէնքի պահանջներուն համաձայն համապատասխան կարգավիճակ ունեցող զինծառայողներու ընտանիքներուն դրամական աջակցութիւն, զինծառայողի յուղարկաւորութեան, գերեզմաններու բարեկարգման, տապանաքարերու պատրաստման եւ տեղադրման հետ կապուած ծախսերու հատուցում եւ օրէնքով սահմանուած դէպքերով հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողներուն ու զոհուած մահացած զինծառայողներու ընտանիքներուն դրամական օգնութիւն տրամադրելու գործընթացի պատշաճ իրականացումը»,- ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: