Հայկական Մշակոյթի Հանրահռչակումը Հարաւային Ամերիկայի ՄԷջ

Oգոստոս 16-ին Պուէնոս Այրէսի եւ օգոստոս 22-ին Քորտոպայի արուեստի երեք համալսարաններուն մէջ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Արժանթինի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ պետական մակարդակով հայ եւ օտար երաժիշտներու մասնակցութեամբ տեղի կ’ունենան դասախօսութիւններ եւ վարպետութեան դասընթացներ` նուիրուած հայկական աւանդական երաժշտական գործիքներուն (տուտուկ, քանոն, թառ, բլուլ, շուի):

Հայաստանէն հրաւիրուած են քանոնահարուհի Յասմիկ Լէյլոյեան, թառահար Արմէն Եգանեան, բլուլահար Լեւոն Թեւանեան: Տուտուկի կատարումներով հանդէս պիտի  գայ արժանթինաբնակ երաժիշտ Գագիկ Գասպարեան:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, ծրագիրին նպատակն է աշխարհի հետ մշակութային երկխօսութեան կամուրջ ստեղծելն ու Հարաւային Ամերիկայի մէջ հայկական մշակոյթի հանրահռչակումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանը, որպէս պատմական հնագոյն եւ հարուստ մշակութային ժառանգութիւն ունեցող պետութիւն, օտարներու մօտ աւելի ճանաչելի դարձնելը: Դասախօսութիւններ կը նախատեսուին կազմակերպել նաեւ Ուրուկուէի եւ Չիլիի մէջ:

Քորտոպայի հնագոյն «Պուէն Փաստոր» («Լաւ հովիւ») կոչուող թանգարան-պատմամշակութային կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ «Հայկական հազարամեայ մշակոյթը Արժանթինի մէջ խորագիրով համերգը: Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Քորտոպայի «Արարատ» պարախումբը (գեղ. ղեկավար Վերոնիքա Կարադախեան):

Ծրագիրի ընդհանուր պատասխանատուն ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան պատուաւոր անդամ, ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի փոխատենապետ Անթոնիօ Սարաֆեանն է, գեղարուեստական ղեկավարն ու կազմակերպիչը` ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի պատուաւոր անդամ Գագիկ Գասպարեանը:

 

Scroll Up