ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս 13 Մետալ Շահեցաւ Սքութ Տիւ Լիպանի Բարիկամեցողութեան Խաղերուն

Սքութ տիւ Լիպանի հովանաւորութեամբ Սէն Ժոզէֆ դպրոցի ակումբին մէջ, իւրաքանչիւր չորս տարին անգամ մը կայացող Բարիկամեցողութեան խաղերը(Goodwill Games), ընդհանրապէս ծանօթ են իբրեւ սկաուտական աշխարհի Ողիմպիական խաղերը:
Սքութ տի Լիպանի անդամ հարիւրաւոր սկաուտական եւ երէցական խումբեր կը մասնակցին Սէն Ժոզէֆ դպրոցի կազմակերպած Բարիկամեցողութեան Խաղերուն: Մօտաւորապէս 4000 սկաուտներ մասնակցեցան Բարիկամեցողութեան եօթներորդ խաղերուն:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս բաւական լուրջ նախապատրաստութիւններ տեսաւ 2018-ի Բարիկամեցողութեան եօթներորդ խաղերուն:
Բարիկամեցողութեան Խաղերը տեղի կ’ունենան տարիքային համեմատութեամբ եւ կ’ընդգրկեն տարբեր մարզաձեւեր:
Բարիկամեցողութեան Խաղերու եզրափակիչներէն առաջ կայացան զտման հանգրուանի մրցումները:
Բարիկամեցողութեան Խաղերու եզրափակիչները տեղի ունեցան 1-5 Օգոստոս 2018-ին, Սէն Ժոզէֆի Ըրնէթ Շահուանի մարզադաշտերուն մէջ:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտները հասան ֆութպոլի, գունդի, պասքեթպոլի, ձեռնագնդակի, վոլիպոլի եզրափակիչներուն: Երէցները՝ ֆութպոլի, սեղանի թենիսի, ոստումի, հեծելարշաւի եւ պասքեթպոլի եզրափակիչներուն:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտները եւ երէցները նաեւ մասնակցեցան անհատական մրցումներուն՝ սեղանի թենիս, ձեռնագնդակ, «Շոթ Փութ», վազք, հեծանիւ, ոստում, լողարշաւ եւ այլն:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտները եւ երէցները նուաճեցին 13 մետալ ( երեք խմբային՝ մէկ ոսկի, երկու՝ արծաթ) եւ տասը անհատական (մէկ ոսկի, չորս՝ արծաթ եւ հինգ պրոնզ):
Մրցումներուն ընթացքին ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը ներկայացնող տղաքը ցուցաբերեցին մարզավայել ոգի, արժանանալով կազմակերպիչներուն եւ մարզասէրներուն ջերմ գնահատանքին:
Ստորեւ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի արձանագրած թեքնիք արդիւնքները:
ՍԿԱՈՒՏՆԵՐ
-Պասքեթպոլ՝ ոսկի մետալ
– Գունդ՝ ոսկի մետալ ( Եղբայր Ուիլիամ Քուզեան)
– Ձեռնագնդակ՝ արծաթէ մետալ
-«Շոթ Փութ»՝ արծաթէ մետալ ( Եղբայր Ռաֆֆի Ճըրճըրեան)
-Լողարշաւ՝ արծաթէ մետալ ( Եղբայր Հայկ Քայմաքամեան)
– Սեղանի Թենիս՝ պրոնզ մետալ՝ ( Եղբայր Աբօ Մեսըրլեան)
– Զոյգերու Սեղանի Թենիս՝ պրոնզ մետալ ( Եղբայրներ Աբօ Մեսըրլեան եւ Էնտրու Քուզեան)
– 100 մեթր վազք՝ պրոնզ մետալ ( Եղբայր Հրակ Ներսէսեան)
-400 մեթր Վազք՝ պրոնզ մետալ ( Եղբայր Ուիլիամ Քուզեան)
ԵՐԷՑՆԵՐ
-Ֆութպոլ՝ արծաթ մետալ
-Սեղանի Թենիս՝ արծաթ մետալ (Եղբայր Սերժ Քոճապապեան)
-Ոստում՝ արծաթ մետալ ( Եղբայր Սերժ Թիւթիւնճեան)
Հեծելարշաւ՝ պրոնզ մետալ (Եղբայր Հրաչ Գույումճեան)
Մեր ջերմագոյն շնորհաւորութիւնները ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական խումբին, գլխաւորութեամբ խմբապետ՝ Եղիկ Աւետիքեանին, փոխ խմբապետներուն, անդամներուն, այս փայլուն արդիւնքներուն առիթով:
Գնահատանքի խօսք ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինին եւ սկաուտական վարչութեան՝ հետեւողական աշխատանքներուն եւ հոգատարութեան համար:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ