Հայ Դատի «Ժողովուրդի Առաջամարտիկ» Մրցանակը՝ Սերժ Թանքեանին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, 7 Հոկտեմբերին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, «Ժողովուրդի Առաջամարտիկ» մրցանակը պիտի յանձնէ երաժիշտ, յօրինող եւ քաղաքական գործիչ, «Սիսթըմ աֆ ը Տաուն» խումբի երգիչ Սերժ Թանքեանին։

«Սերժ Թանքեան օրինակելի դեր մը ստանձնած է՝ իբրեւ հռչակ շահած երաժիշտ լաւագոյնս օգտագործելով իր հզօր եւ ազդու ձայնը ի սպաս Հայկական Հարցին, աշխարհի տարածքին՝ միլոնաւորներու ուշադրութիւնը սեւեռոլով անոր վրայ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:

Այս մրցանակը իրեն համար պատիւ մը նկատելով՝ Սերժ Թանքեան յիշեցուցած է, թէ տարիներով գործակցած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին մէջ։

Հայաստանի այս տարուան թաւշեայ յեղափոխութեան ընթացքին, Թանքեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովրդային շարժումին եւ ժողովուրդին քջալերական պատգամներ յղելէ ետք, Հայաստան այցելելով անձամբ միացաւ ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ եւ հարիւր հազարաւորներու մասնակցութիւնը ապահոված ցոյցերուն։ Ան նաեւ հետեւեցաւ 8 Մայիսին տեղի ունեցած Հայաստանի խորհրդարանի այն նիստին, որ վարչապետ ընտրեց Փաշինեանը, ապա միացաւ Երեւանի մէջ այս իրագորոծումը տօնող հայորդիներուն։ Ան տարբեր ձեւերով կը շարունակէ լուսարձակի տակ պահել Հայաստանի ժողովուրդին կամքով իրականացած ժողովրդավար եւ խաղաղ յաղթանակը եւ «Ֆորպզ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ կ՛աշխատի «Առանձիմ Չեմ» խորագրուած ֆիլմին վրայ, որ նուիրուած է Հայաստանի մէջ իրականացած ժողովորդավար իշխանափոխութեան։

Թանքեան միշտ եղած է մարդկային իրաւանց, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ընկերային արդարութեան ջատագով եւ Հայոց Ցեղասպանոթեան իրազեկման նպաստելու՝ «Հոգիներ Արթնցո՛ւր» խորագրուած համերգներ կազմակերպելու կողքին, կազմած է նաեւ ընկերային արդարութիւն ապահովելու նպատակով պայքարող՝ «Արդարութեան Դաշինք» արշաւը, Թամ Մորելլոյի հետ գործակցելով։

Թանքեան եւ «Սիսթըմ աֆ ը Տաուն» նուագախումբին միւս անդամները նաեւ գլխաւոր դերակատարներն էին Հայեց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին նուիրուած «Սքրիմըրզ» խորագիրովվաւերագրական  ֆիլմին, որուն մէջ կ՛երեւի նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած Թանքեանի մեծ հայրը՝ վկայութիւններ տալով իր ահաւոր փորձառութեան մասին։ Նաեւ, ան հանգուցեալ Էնթընի Պուրտենին ընկերացած էր դէպի Հայաստան անոր ճամբորութեան ընթացքին, ուր նկարահանուած էր Հայաստանի եւ Արցախի նուիրուած յայտագիրը, որուն ընթացքին տեղւոյն ճաշերուն կողքին քննուած էին նաեւ Կովկասի աշխարհաքաղաքական հարցերը, զանոնք ներկայացնելով ամերիկեան ունկնդիրին։

2011ին, Թանքեան մասնակցած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած խորհրաժողովին՝ արուեստներու միջոցաւ Հայ Դատը ջատագովելու յատկացուած քննարկումին։ Նոյն տարին, ան արժանացած էր Հայաստանի վարչապետին շնորհած յատուկ մրցանակին, Հայեց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար անոր տարած պայքարին համար։ 2010ին, Թանքեան, Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀԵԴի հետ գործակցելով՝ յառաջ տարաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը յարգելու կոչ ընով այն պայքարին, որ հասցէագրուած էր նախագահ Պարաք Օպամային։

Լիբանան ծնած Թանքեան հասակ նետած է Լոս Անճելըսի մէջ եւ յաճախած է քաղաքին Փորքիկ Հայաստան թաղամասին մէջ գտնուող Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը։ Ներկայիս ան կ՛ապրի Նիւ Զելանտայի կիսագիւղական Ուորքուըրթ շրջանին մէջ, իր կնոջ եւ երեխային հետ։

Յայտնենք, որ Կիրակի, 7 Հոկտեմբերին կայանալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, կ.ե. ժամը 4:30էն սկսեալ:

Ձեռնակը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:

Այս տարուան մեծարեալներուն շարքին են՝ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, որ պիտի ստանայ «Արդարութեան Ջատագով» մրցանակը, ինչպէս նաեւ «Ուրացման Ճարտարապետները» («Architects of Denial») վաւերագրական ֆիլմին արտադրութեան մասնակցած խումբը, որ պիտի ստանայ Հայ Դատի յանձնախումբին «Լրատուութեան մարզին մէջ գերազանցութիւն» մրցանակը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել info@ancawr.org հասցէին կամ (818) 500-1918 թիւի

Scroll Up