Ամառնային Հանգիստ «Թումօ»-ի Հետ

«Թումօ» ճամբարն ամէն ամառ Երեւանի Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ կը հաւաքէ աշխարհի տարբեր երկիրներ ապրող հարիւրաւոր պատանիներու, որոնք կ՛օգտուին վերջին արհետասգիութեան ոլորտին մէջ սորվելու ու իւրայատուկ բազմամշակոյթ միջավայրի մասնիկը դառնալու հնարաւորութենէն: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Լիլիթ Պօղոսեան, ճամբարի 1-6 շաբաթներուն ընթացքին ճամբարականները կը մասնակցին  «Թումօ»-ի կրթական ծրագիրներուն ու կը ճամբորդեն Հայաստանի մէջ:

Այս տարի Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» վարժարանի շրջանաւարտ դասարանի 3 աշակերտներէն Էլլա Ադամեան, Տիգրան Աւագեան ու Տիգրան Սաֆարեան քննաշրջանէն ետք մասնակցեցան «Թումօ» ամառնային ճամբարին: Ամառնային աննախադէպ հանգիստի, ստացած գիտելիքներու, Հայաստանի պատմամշակութային վայրերով շրջագայութիւններու, նորանոր ծանօթութիւններու ու հիանալի տպաւորութիւններու մասին մեր պատանիներն արդէն պատմած են իրենց ընկերներուն ու Հայաստանէն իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն «Հրանդ Տինք» վարժարանի հոգաբարձուներուն` տէր եւ տիկին Դալար եւ Արտօ Հորոզօղլուներին, ինչպէս հովանաւորութեան, այնպէս ալ իրենց «Թումօ»-ի ընտանիքի անդամ դարձնելու համար:

Scroll Up