«Ֆրանսայի Հայ Երիտասարդութիւն» Ընկերակցութեան Անդամներն Այցելեցին Սուրբ Էջմիածին

Յուլիս 30-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքի «Ֆրանսայի հայ երիտասարդութիւն» ընկերակցութեան ներկայացուցիչները` Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի եւ ընկերակցութեան ղեկավար պրն. Պասկալ Շամասեանի ուղեկցութեամբ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն, ողջունելով մշակութային միութեան անդամները, սաներն ու ուսուցիչները` Վեհափառ Հայրապետն անդրադարձաւ հովուապետական այցի ընթացքին ընկերակցութիւն կատարած իր այցելութեան եւ այն կարեւոր ջանքերուն, որ այն կը գործադրէ` մատաղ սերունդին հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան ապահովման, ազգային ոգիի եւ գիտակցութեան պահպանման ուղղութեամբ:

Նորին Սրբութիւնն իր հայրական օրհնութիւնը բերաւ պատանիներուն` յորդորելով պահպանել իրենց ազգային ինքութիւնը եւ շարունակել ապրիլ Ֆրանսայի մէջ իբրեւ ազգի հաւատարիմ զաւակներ, որպէսզի իրենց կեանքը դառնայ հպարտութիւն իւրաքանչիւր հայորդիի համար: Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վստահութիւն յայտնեց, որ ուխտագնացութիւնը հայրենիք, հաղորդ դառնալը հարազատ ժողովուրդի պատմութեան եւ բազմադարեայ ժառանգութեան նորովի պիտի բացայայտէ իրենց ինքնութիւնը` ոգեւորելով եւ ներշնչելով հարազատ մնալ ազգային արժէքներուն:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, իր գնահատանքը փոխանցելով ընկերակցութեան վարչութեան անդամներուն եւ նախագահին, պատգամեց շարունակել հայապահպանութեան ուղղուած օրհնեալ ծառայութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հովուապետի հոգեւոր կեանքին եւ սպասաւորութեան առաջին քայլերուն, յառաջիկայ հովուապետական այցերուն եւ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի գործունէութեան:

Scroll Up