ԱՀ Պետական Նախարարը Ընդունած է Պետրոս Թերզեանը

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Օգոստոս 2-ին, ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեանը:

ԱՀ պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ պետական նախարարը բարձր գնահատած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մասնակցութիւնը Արցախի համար կենսական հարցերու լուծման գործին մէջ: Գ. Մարտիրոսեան ընդգծած է, որ Արցախի մէջ չկայ նոյնիսկ մէկ համայնք, ուր Հիմնադրամի միջոցներով որեւէ կարեւոր խնդիր լուծուած չըլլայ:

««Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հետ այսօր ալ կը շարունակուին առաջնահերթ նշանակութեան բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուիլ: Համոզուած եմ, որ Արցախի զարգացման հեռանկարին մէջ, Հիմնադրամը, իբրեւ վստահելի գործընկեր, պիտի շարունակէ իր կարեւոր ներդրումը ունենալ՝ միաւորելով համահայկական ներուժը»,- ըսած է պետական նախարարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեան ներկայացուցած է այցին մանրամասնութիւնները: Ան, մասնաւորապէս, նշած է, որ ծանօթացած են իրականացուող նախագիծերու ընթացիկ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը համայնքներու մէջ ներկայ եղած են ՝Հիմնադրամի միջոցներով կառուցուած՝ բազմազաւակ ընտանիքներու առանձնատներու բացման:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները խօսած են Հիմնադրամի միջոցներով Արցախի մէջ կառուցուած համայնքային կեդրոններու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման, արեւային ուժի ստացման համակարգերու եւ արտեզեան ջրհորներու ծրագիրներու ընդլայնման անհրաժեշտութեան եւ ընթացիկ շարք մը այլ նախագիծերու մասին:

Scroll Up