Իրանահայ Երաժշտագէտ Վարդան Սահակեանին Նուիրուած Մեծարման Երեկոյ

Յուլիս 31-ին Թեհրանի «Վահդաթ» դահլիճին մէջ կայացաւ իրանահայ երաժշտագէտ Վարդան Սահակեանի մեծարման հանդիսութիւնը, որ երկարամեայ ստեղծագործական անցեալ եւ բեղմնաւոր դասախօսական աշխատանք ծաւալած է Իրանի երաժշտութեան ասպարէզին մէջ: «Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Ալիք» օրաթերթին, կը նշէ, որ ձեռնարկը նախաձեռնած էր «Ռադ Նոյ Անդիշ» մշակութային-գեղարուեստական կեդրոնը` համագործակցութեամբ «Ռուդաքի» հիմնադրամին:

Վարդան Սահակեան աւարտած է Գեղարուեստի բաժանմունքը եւ Իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան կողմէ զինք շնորհուած է գեղարուեստի առաջին կարգի վկայական ( վերջինս համազօր է դոկտորական կոչման) եւ գնահատանքի  արժանացած է «Ֆաջր» երաժշտական 27-րդ փառատօնի ընթացքին:

Ան կը դասաւանդէ Իրանի զանազան համալսարաններու մէջ եւ անդամակաց է Իրանի ֆիլմի երաժիշտներու կեդրոնին: Անդամակցած է «Ֆաջր» երաժշտական փառատօնի տարբեր տարիներու ժիւրիի կազմին, Իրանի երաժշտական տան մէջ: Ան նուագախումբին համար մշակած է իրանական ազգային ստեղծագործութիւններ եւ թարգմանած երաժիշտ Նիկոլայ Ռիմսկի Կորսակովի «Կիրառարական հարմոնիա» գիրքը: Վարդան Սահակեան երաժշտութիւն մշակած է իրանական շարք մը ֆիլմերու համար: Տարիներ շարունակ համագործակցած է Թեհրանի Հայոց թեմի Կրթական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուող Մշակութային փառատօնի երաժշտական բաժինի իրաւարար կազմին հետ:

Երեկոն իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Իրանի եւ իրանահայ համայնքի երաժշտութեան, արուեստի եւ հասարակական բնագաւառի ականաւոր դէմքեր: Ներկայ էին Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ Հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան, Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհուրդի, «Ալիք», «Հուսկ» հաստատութիւններու, ազգային մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկը  մէկտեղուած էր ելոյթներով եւ գեղարուեստական կատարումներով: Ներկայացուեցաւ տեսաֆիլմ, որուն ընթացքին Իրանի երաժշտութեան երկնակամարի մեծերը կ՛արտայայտուէին անոր անհատականութեան ու մարդկային արժանիքներուն մասին:

Աւարտին Իրանի երաժշտութեան ոլորտին մէջ դասախօսներու, ինչպէս նաեւ մաեստրօ Լորիս Ճգնաւորեանի ձեռամբ գնահատագիր յանձնուեցաւ վաստակաւոր դասախօս Վարդան Սահակեանին, որմէ յետոյ ան իր գնահատանքի խօսքն ուղղեց կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն` մատնանշելով Իրանին ու հայ արուեստին իրենց ծառայութիւնը մատուցած հայ արուեստագէտներուն, որոնցմէ շատերը ներկայ էին դահլիճին մէջ:

 

Scroll Up