Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը Բացառիկ Յաջողութիւն Արձանագրեց Թեքնիք Պրէօվէի Եւ Պաքալորէայի Քննութիւններուն

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ վարժարանի BP (պրէօվէ) եւ BT (պաքալորէա) դասարաններու աշակերտները բացառիկ յաջողութիւններ արձանագրեցին 2017-2018 տարեշրջանի պետական քննութիւններուն:
BP դասարանի բոլոր 25 աշակերտները, եւ BT աւարտական դասարանի 44 աշակերտներէն 43-ը յաջողեցան. առաջինին պարագային յաջողութիւնը եղաւ կատարեալ 100 առ հարիւր, երկրորդին պարագային համեմատութիւնը կազմեց 97.73 առ հարիւր: Աւելին, Մեսրոպեանի աշակերտները իրենց նիշերով դասուեցան յաջողութեան բարձր կարգերուն մէջ:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի աշակերտները քննութիւններուն մասնակցեցան երեք տարբեր մասնագիտութիւններով` Համակարգչային գիտութիւն ու Հաշուապահութեան , Հիւրանոցային Կառավարում եւ Մանկավարժութիւն:
Տնօրէնութիւնս կը շնորհաւորէ աշակերտները, խնդակցութիւն կը յայտնէ անոնց ծնողներուն եւ գնահատանք կ՛ուղղէ վարժարանի ուսուցիչներուն՝ անոնց կատարած աշխատանքին համար:
Տնօրէնութիւն
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի