Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ ՄԷջ Տեղի Ունեցած Է Զինուորներու Մկրտութիւն. լուսանկարներ

Յուլիս 30-ին, Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ձեռամբ տեղի  ունեցած է Մատաղիսի մէջ ծառայող թիւով 61 զինուորներու մկրտութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ԱՀ պաշտպանութեան բանակին առընթեր կանանց խորհուրդի նախագահ Ռամելա Դադայեան ըսած է, որ իրենց խորհուրդի հերթական հաւաքին մտայղացաւ  գաղափար` զօրամասերուն մէջ սկսիլ չկնքուած զինուորներու մկրտութեան արարողութիւններ:

«Մեր մտայղացումը ներկայացուցինք ԱԺ պատգամաւորներուն եւ հասարակութեան տարբեր խաւերուն: Իբրեւ արդիւնք բոլորը սկսան խրախուսել եւ աջակցիլ ծրագիրի իրականացման: Այսօր զինուորներուն կնքահայր ըլլալու պատասխանատուութիւնն իրենց վրայ  վերցուցած են ԱՀ ԱԺ պատգամաւորներ Արամ Գրիգորեան, Ռոբերտ Ղահրամանեան, Արարատ Օհանջանեան, Էդուարդ Աղաբէկեան, Վիլէն Սաֆարեան, Գագիկ Բաղունցը, Արսէն Առստամեան, արցախեան շարժման առաջամարտիկ Արկադի Կարապետեան եւ ԱՀ ՄԻՊ աշխատակազմի բաժանմունքի ղեկավար Արտակ Բեգլարեան: Մեկնարկը տրուած է Մատաղիսի զօրամասէն, սակայն մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ  շարունակական: Կը կարծեմ` կ՛ըլլան այլ զինուորներ, որոնք կը ցանկան այդ աստուածահաճոյ ձեռնարկին մասնակից դառնալ»,- մասնաւորապէս նշած է Ռ. Դադայեան:

Անոր խօսքով` բացի կնունքի արարողութենէն, շատ կարեւոր էր նաեւ, որպէսզի զինուորները ծանօթանան մշակութային կեդրոն Շուշիին:

«Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են ձեռնարկի կազմակերպման: Մեր նպատակն է, որպէսզի զինուորներն ունենան հաւատք առ Աստուած եւ ժողովուրդ, յոյս` հայրենիքի ու ապագայի նկատմամբ եւ սէր` մէկը միւսին հանդէպ: Ամէն անգամ զօրամասեր այցելելնուս մենք  ականատես կ՛ըլլանք զինուորներուն կողմէ կառուցուած մատուռներուն, ուր անոնք կ՛աղօթեն` իրենց խնդրանքն ուղարկելով Աստծուն: Կը կարծեմ` զինուորն իսկապէս ատոր կարիքը ունի»,- աւելցուցած է Ռ. Դադայեան:

«Հայրենիք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Գրիգորեան  ողջունած է նախաձեռնութիւնն` ընդգծելով, որ այս քայլն արդէն իսկ իր մէջ ունի խորհուրդ, եւ ծրագիրը պէտք է շարունակական ըլլայ բոլոր զօրամասերուն մէջ:

«Գիտակցելով ամբողջ պատասխանատուութիւնը` որպէս կնքահայր` պատրաստակամութիւն կը յայտնենք ըլլալու մեր զինուորներու կողքին: Սանիկներուն հետ կապը միանշանակ պիտի ըլլայ: Այսօր արդէն հասցուցած ենք ծանօթանալու եւ այսուհետ շփումները անոնց հետ պիտի ըլլան ալ աւելի  յաճախակի»,- նշած է Ա. Գրիգորեան` աւելցնելով, որ առաջարկելու պարագային կրկին պատրաստ է ըլլալու զինուորներու կնքահայր:

Իսկ Գոհար Բուդաղեան, որ Մատաղիսի մէջ ծառայող Վահէ Բուդաղեանի մայրն է, մեզի հետ զրոյցին ըսած է, որ, նախապէս տեղեկանալով նախաձեռնութեան մասին, Գորիսէն եկած է Շուշի` ներկայ գտնուելու որդիին մկրտութեան հանդիսաւոր արարողութեան:

Գ. Բուդաղեանի խօսքով` այսօրուան արարողութիւնը անգամ մը եւս առիթ է, որպէսզի զինուորներն օրհնութիւն ստանան Աստուծոյ կողմէ եւ աւելի պատրաստակամ ըլլան շարունակելու իրենց կողմէ հայրենիքին մատուցուող ծառայութիւնները կատարելու:

Ձեռնարկին աւարտին զինուորները ծաղիկներ  խոնարհած են Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրին մէջ:

Scroll Up