ՀԵԸ Սկաուտական Շարժումը Հայրենիքի Մէջ Մասնակցեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Անդրանիկ» Տարեկան Բանակումին

Նախորդ տարիներու նման այս տարի եւս, ՀԵԸ-ի սկաուտական զոյգ մասնաճիւղերը ներկայացնող խմբաւորում մը մեկնեցաւ հայրենիք՝ մասնակցելու  ՀԲԸՄ-ի «Անդրանիկ» տարեկան բանակումին:

Երեքշաբթի, 10 Յուլիս 2018-ի վաղ առաւօտեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանը ներկայացնող սկաուտական  միացեալ խմբակ մը, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն, քոյր՝ Ալին Սէֆէրեանի գլխաւորութեամբ, մեկնեցաւ Հայաստան, մասնակցելու՝ ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ աւանդութիւն  դարձած տարեկան  «Անդրանիկ» ընդհանուր բանակումին:

Բանակումի մեկնող  ՀԵԸ-ի  սկաուտական շարժումի անդամ-անդամուհիները  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան  կեդրոնէն  օթոպիւսով   ուղղուեցան  դէպի Պէյրութի   միջազգային  օդակայան: Օդանաւը  բարեյաջող վայրէջք կատարեց Զուարթնոցի  միջազգային  օդակայանը, ուր  ՀԲԸՄ-ի Երեւանի  սկաուտական  շարժումի պատասխանատուներ  դիմաւորելէ ետք  Լիբանանէն ժամանած ՀԵԸ-ականները, զանոնք անմիջապէս փոխադրեցին իրենց կացարանը՝ Դիլիջան, Լոռիի մարզ՝  Թէժ  Լեռ, ՀԲԸՄ-ի «Անդրանիկ» բանակավայր:

ՀԲԸՄ-ի «Անդրանիկ» բանակումին  կը մասնակցէին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Իրանէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն ժամանած ՀԲԸՄ-ի սկաուտական  զանազան խումբեր:

Բանակավայրին մէջ մեր սկաուտները մասնակցեցան խմբային, դաստիարակչական խաղերու, լսեցին զեկոյցներ, աւելի մօտէն  ծանօթացան  այլ երկիրներէ  ժամանած իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

 Բանակումին պատասխանատուները իրենց ծրագիրներուն մէջ ընդգրկած էին  այցելութիւններ դէպի  Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերը:

Աւանդական խարուկահանդէսը տեղի ունեցաւ 15 Յուլիսին:  Բանակավայրին մէջ կը  տիրէր մեծ ոգեւորութիւն:

Բանակումը աւարտեցաւ 19 Յուլիսին: Լիբանանը ներկայացնող ՀԵԸ-ի սկաուտական խմբակը Երեւանի մէջ տեղաւորուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կարապետեան Տունը: Այս միջոցին անոնք ծանօթացան Երեւանի արուարձաններուն: Անոնք այցելեցին Հայորդաց Տուն եւ լիացան տաղանդաւոր  մանուկներու պատրաստած գեղարուեստական  յայտագիրով: Յաջորդող օրերուն անոնք այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Սուրբ էջմիածին, Սարդարապատ: Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեր սկաուտներուն դիմաւորեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Այս առիթով  Հայոց Հայրապետը  փոխանցեց  իր օրհնութիւնը  եւ բարեմաղթութիւնները:

Մեր սկաուտները   Երեքշաբթի, 24  Յուլիսին  բարձր  տրամադրութիւններով  եւ փայլուն  յիշատակներով  վերադարձան  Պէյրութ:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Scroll Up