Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Ընդունեց Արժանթինէն Ժամանած Երիտասարդներ
Յուլիս 29-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնին մէջ ընդունեց Արժանթինի Հայոց թեմի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» կրթարանի, «Դերձակեան» եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Մարի Մանուկեան» վարժարաններու աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն, որոնք Հայաստան ժամանած են 2018 թուականը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ Երիտասարդութեան տարի հռչակուելու կապակցութեամբ: Արժանթինահայերուն կ՛ուղեկցէր Պուէնոս Այրէսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն:
Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ յետոյ Հայր Մաղաքիան, Նորին Սրբութեան ներկայացնելով արժանթինահայ աշակերտները, ընդգծեց, որ այս ուխտագնացութիւնը վկայութիւնն է Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին հանդէպ հաւատարմութեան, ինչպէս նաեւ առիթ` Հայրենիքի կարօտն առնելու: Հայր Սուրբը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց նաեւ համայնքներէն ներս տարբեր բարեսիրական ծրագիրներուն աշակերտներու մասնակցութեան մասին:
Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, իր հայրական օրհնութիւնն ու սէրը փոխանցելով Արժանթինէն ժամանած հայորդիներուն, ուրախութեամբ հաստատեց, որ արժանթինահայ համայնքը Սփիւռքի ամենակազմակերպուած համայնքներէն է, ուր կը տիրապետէ հայկականութեան գիտակցութիւնն ու ոգին:
Նորին Սրբութիւնը, գոհունակութեամբ յիշելով իր հովուապետական այցերը Արժանթին, հաստատեց, որ հայկական տարբեր համայնքներ այցելելուն ականատես դարձած է արժանթինահայերու զօրաւոր հաւատքին, հայ կեանքի կերտման ու հայու ինքնութեան պահպանման գործին մէջ իրենց ներդրումը բերելու հայորդիներու ազնիւ ձգտման:
Գարեգին Բ Կաթողիկոսը յորդորեց երիտասարդներուն իրենց նախնեաց օրինակով ըլլալ ազգասէր եւ եկեղեցանուէր, մշտապէս զօրացնելով համայնքային կեանքը, իրենց զօրաւոր հաւատքով յաղթահարել ժամանակակից մարտահրաւէրները եւ պահպանել ազգային շունչն ու ոգին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Արժանթինի հայոց թեմի հոգեւորականաց ողջ դասին, ՀԲԸՄ-ին եւ համայնքներու վարչութիւններու անդամներուն նուիրեալ ծառայութեան եւ արժանթինահայ երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութիւն ապահովելու համար:
Աւարտին Նորին Վեհափառութիւնն Աստուծոյ օգնականութիւնն ու առաջնորդութիւնը մաղթեց արժանթինահայութեան: