Սկովտիոյ Միջազգային Փառատօնին Ներկայացուած Է Հայկական Ժողովրդական Պարը

Հայկական ժողովրդական պարը յուլիս 14-20 Սկովտիոյ Findhorn Park-ին մէջ կայացած Հոգեւոր երաժշտութեան, երգի եւ պարի միջազգային փառատօնի գլխաւոր թեման էր: Փառատօնը, որ կ՛իրականացուի արդէն 27-րդ անգամ, կարեւոր կը համարէ շուրջպարերու փոխակերպիչ եւ հոգեւոր ուժը: Այն ամէն տարի յուլիսին աշխարհի տարբեր երկիրներէ հարիւրաւոր մարդոց կը  բերէ Սկովտիա` պարելու:

Լոնտոնաբնակ արուեստագէտ, հայկական ազգագրական եւ քնարերգական պարերու մենակատար, պարաստեղծ եւ պարուսոյց Շաքէ Մէճըր Չիլինգիրեան (Shakeh Major Tchilingirian) յատուկ հրաւիրուած էր փառատօնին` որպէս հիմնական ուսուցող: Շաքէի ամէնօրեայ արուեստանոցներուն մասնակցեցաւ աւելի քան 100 մասնակից` ծանօթանալով հայկական ժողովրդական ու ազգագրական պարերուն: Իսկ Օքսֆորտի համալսարանէն Հրաչ Չիլինգիրեան  շարք մը զեկոյցներ ներկայացուց մասնակիցներուն` հայոց պատմութեան, մշակոյթի, ինքնութեան եւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան մասին:

Կանանց ծիսական պարերու միջազգային յայտնի մասնագէտ Լաուրա Շաննոն, խօսելով Շաքէ Չիլինգիրեանի կատարած աշխատանքի մասին, կը նշէ, որ Շաքէն կը սորվեցնէ հայկական պարերու սրբազան հարստութիւնը եւ անոնց անձնական փոխակերպման ունակութիւնը, ինչպէս նաեւ պատմականը. «Ան կը բացատրէ, որ հայկական պարերու օրինակները շատ հին են եւ ձեւաւորելով անգերազանցելի շարժումներ` շատ խորհրդանշական են եւ խորապէս հոգեւոր»:

Փառատօնին Շաքէ Չիլինգիրեան առաջին անգամ կը ներկայացնէր հայկական պարը: Անոր գեղարուեստական ծրագիրը կ՛ընդգրկէր ժողովրդական եւ լիրիկական պարերու միաձուլումը: Շաքէի ծրագիրը հնարաւորութիւն ընձեռեց մասնակիցներուն ապրելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող եւ ծաղկող մշակոյթը: Եւ ինչպէս ան նշեց. «Հոգեւոր կապ ստեղծելու` հողի, բնութեան եւ արմատներու հետ, որոնք կը շարունակեն ծաղկիլ»: Իսկ դիմելով մասնակիցներուն` Շաքէն ընդգծեց. «Ասիկա բացայայտման, կապի եւ արտացոլման իւրայատուկ ճամփորդութիւն է` պարի միջոցով»:

Լոնտոնէն երաժիշտներ` Տիգրան Ալեքսանեան (տուտուկ, զուռնա) եւ Արա Պետրոսեան (տհոլ) կ՛ուղեկցէին Շաքէի ներկայացուցած պարերուն` իրենց հիասքանչ կենդանի երաժշտութեամբ: Findhorn-ի մշտական ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ համայնքի երկարատեւ անդամներ` Պարպարա Սուետինան, Փիթեր Վալանսը, Ռորի Օ’քոննըլը, Շիլա Փեթիտը (երգչախումբ) եւ Մայա Պաքլին (նուագախումբ) իրենց գիտելիքներն ու փորձը փոխանցեցին վարպետութեան դասերու (master class) միջոցով:

Լաուրա Շաննոն, որ շրջագայած եւ խորութեամբ ուսումնասիրած է յունական, հայկական, պալքանեան եւ գնչուական աւանդական պարերը, խոր մտախոհական շուրջպարեր սորվեցուց մասնակիցներուն, որոնք կ՛ուղեկցուէին Կոստանդիս Կուրմաիասի եւ Նիկոլաս Անգելոպուլոսի, իսկ երկու այլ առիթներով` հայ երաժիշտներու կենդանի երաժշտութեամբ:

Շաքէ Չիլինգիրեան, որ անցնող 25 տարիներուն ընթացքին իր բազմաթիւ արուեստանոցներու միջոցով հայ պարարուեստի համամարդկային արժէքները կը փոխանցէ օտարներուն, իւրայատուկ մօտեցում ունի հայ պարարուեստի ժառանգութեան հանդէպ: «Իբրեւ ժողովրդական եւ ազգագրական պարերու նուիրուած արուեստագէտ` իմ հիմնական առաքելութիւնս հայկական հարուստ պարերը բեմէն անդին` ժողովուրդի առօրեայ կեանքին կապելն է»,-կ՛ըսէ Շաքէն եւ կ՛աւելցնէ. «Մեր պարերը ժողովուրդի կեանքէն կը  բխին: Այդ ամէնը նկատի ունենալով` հայ պարը բեմական, կատարողական ոլորտէն պէտք է տեղափոխենք մեր առօրեայ` ապրելու միջոց դարձնելով ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Այս իմաստով Կոմիտասի հետեւեալ բնութագրումն ինծի համար ուղենիշ է. «Ամէն կեանքի մէջ պար կայ: Հետեւաբար, ամբողջ տիեզերքի կեանքը միթէ պար չէ՞»:

Վերջին տարիներուն Շաքէն յատուկ ծրագիրներ մշակած է տոհմիկ եւ ազգագրական պարերը համայնքային առօրեայ կեանքին մէջ կենսունակ պահելու համար: Տօնական, ազգային կամ տարբեր առիթներով Շաքէն հանրային շուրջպարեր կը կազմակերպէ հարիւրաւոր մարդոց մասնակցութեամբ, ինչպէս` դաշտահանդէսներուն, Համբարձման եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն եւ բազմաթիւ այլ առիթներով: Նոյն նպատակով 2010 թուականէն Շաքէն յատուկ ծրագիրներ  մշակած է եւ կ՛աշխատի երեխաներու,  երիտասարդներու եւ տարեցներու հետ:


Scroll Up