ՀՄԸՄ Մօտ Ապագային Պէտք Է Անդամներուն Թիւը Հաւասարեցնէ Տարիներու Իր Թիւին` 105 Տարեկանին 105 Հազար Անդամ Ունենալով. ՀՀ Նախագահ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/07/HMEM_day6_72518-730x395.jpg)
ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքին, Յուլիս 24-ի երեկոյեան, օփերայի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, Երեւանի «Ֆլորանս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիք` ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ տիկնոջ` Նունէ Սարգսեանի, կառավարութեան շարք մը անդամներու, պետական, ազգային, կուսակցական հիւրերու, հրաւիրեալներու եւ միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններու ներկայացուցիչներու:
Հիւրերու շարքին էին Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետներու ներկայացուցիչներ Արշակ եպս. Խաչատրեան, Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան, Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան, Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան, Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, Պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան, Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Կարէն Աւետիսեան, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Վարդգէս Խօշեան, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան, ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւններու անդամներ:
Բարի գալուստի խօսքով ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան հրաւիրեց Հայաստանի նախագահը այս առիթով արտասանելու իր սրտի խօսքը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը եւ նշեց, որ իր առաջին ծանօթութիւնը համահայկական այս կազմակերպութեան հետ եղած է 34 տարի առաջ, 1984-ին, երբ տակաւին խորհրդային դիւանագէտ, ան այցելած է ՀՄԸՄ-ի Լոնտոնի մէկ բանակումը, ուր առաջին անգամ նկարուած է Եռագոյն դրօշին ներքեւ:
Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ մեծ ընելիք ունի նոր Հայաստանի մէջ: Մօտակայ տարիներուն ան պէտք է կրկնապատկէ ու եռապատկէ իր անդամներուն թիւը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: «Ձեր առջեւ խնդիր կայ ձեր անդամներուն թիւը հաւասարեցնելու ձեր տարիներու թիւին: 105 տարեկանին ՀՄԸՄ պէտք է ունենայ 105 հազար անդամ», շեշտեց նախագահ Սարգսեան եւ իր կենացը առաջարկեց 100 տարեկան, բայց միշտ երիտասարդ ՀՄԸՄ-ին:
Այս առիթով, իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ան ըսաւ, որ բնական երեւոյթ է, որ երբ զաւակները մեծնան անջատուին իրենց ծնողներէն, դառնան ինքնուրոյն եւ ինքնաբաւ, փորձեն ասպարէզ եւ շրջապատ ստեղծել: ՀՄԸՄ-ը ՀՅ Դաշնակցութեան զաւակն է, որ ինքնուրոյն է այսօր, որովհետեւ ինքնակազմակերպուած է, իր ոտքերուն վրայ կանգնած է եւ կը գնահատէ իր ծնողները: Ուրախ ենք, որ ՀՄԸՄ-ը ստեղծած ենք ո՛չ թէ մեզի, այլ հայ ժողովուրդին համար: ՀՄԸՄ-ի ստեղծումը արդարացուած է: Եւ եթէ նոյնիսկ օրին մէկը Դաշնակցութիւն չըլլայ, Դաշնակցութեան գործը կը շարունակուի ՀՄԸՄ-ով, Համազգայինով եւ ՀՕՄ-ով: ՀՄԸՄ-ը մեր մեծագոյն հասարակական կազմակերպութիւնն է, ինքնաղեկավարուող եւ ինքնակազմակերպուող, եւ եթէ նոյնիսկ ան 105 հազար անդամ չունի, ան մեր պատմութեան մեծագոյն հասարակական կազմակերպութիւնն է: Ինքնաֆինանսաւորուող ՀՄԸՄ-ին տէրը հայ ժողովուրդն է:
Շարունակելով, Հրանդ Մարգարեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը ունի ազգային արժէքներու իր համակարգը, որ մեր ազգային արժեհամակարգն է: Այդ արժեհամակարգով ալ ան կը տարբերի հասարակական այլ կազմակերպութիւններէ: Ասիկա հարստութիւն է: ՀՄԸՄ-ը մեր ժողովուրդի հարստութիւնն է: ՀՄԸՄ-ը համահայկական կառոյց է: Ան հայ ժողովուրդի անբաժանելի մէկ մասնիկն է, որուն ներկայութիւնը պատիւ է մեր պետականութեան համար: ՀՄԸՄ-ին մաս կազմող իւրաքանչիւր հայ ինքզինք կը զգայ ոչ թէ իբրեւ իր համայնքին մէկ անդամը, այլ` հայ ժողովուրդի համահայկական իրականութեան մէկ մասնիկը: Այս պատճառով ալ ՀՄԸՄ-ը արժէք է: Աստուած տայ, որ ՀՄԸՄ-ի երթը կարմիր ըլլայ, յաջող ըլլայ եւ ՀՄԸՄ-ը զինք ծնողէն աւելի ապրի:
Կալա-ընթրիքը ունեցաւ իր գեղարուեստական հարուստ բաժինը, որուն ընթացքին պարբերաբար կատարուեցան յայտարարութիւններ եւ պարգեւատրումներ: Այսպէս, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան միութեան 100-ամեակի թիւ 1 ժամացոյցով պատուեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Ան յայտարարեց, որ թիւ 2, 3, 4, 5 ժամացոյցները արդէն իսկ փոխանցուած են Հայաստանի վարչապետին, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետներուն եւ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին: Թիւ 6 ժամացոյցը տեղւոյն վրայ փոխանցուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի: Ժամացոյցները տրամադրուած են տէր եւ տիկին Սարգիս Տէր Պետրոսեանի կողմէ (Սիտնի) եւ հրապարակուած են 300 օրինակ միայն:
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով, Գառնիկ Մկրտիչեան Եռագոյն երիզներով եւ 100-ամեակի ժամացոյցներով պատուեց միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու 10 «կնքահայրերը»` տէր եւ տիկին Հրաչ Սիսեռեան (Փարիզ), տէր եւ տիկին Ժիրայր Սարգիսեան (Միացեալ Նահանգներ), տէր եւ տիկին Ատոմ Թնճուկեան (Լոնտոն), տէր եւ տիկին Հրայր Սողոմոնեան (Տուպայ), տէր եւ տիկին Աւօ Տէր Պետրոսեան (Սիտնի), Վարդանեան ընտանիքի բարեսիրական հիմնադրամի ներկայացուցիչներ (Երեւան), տէր եւ տիկին Տիրան Վահրատեան (Սիտնի), ՀՄԸՄ-ի Քանատայի շրջանի ներկայացուցիչներ, տէր եւ տիկին Հրաչ Մարութեան (Մոնրէալ) եւ տէր եւ տիկին Աշոտ Տուրեան (Սինկափուր): Մկրտիչեան նաեւ յայտարարեց, որ «կնքահայրերը» 100-ամեակի տօնակատարութիւններու իրականացման համար նուիրած են 450 հազար տոլար: Նիւթական իրենց աջակցութեամբ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն նպաստած են նաեւ այլ ազգայիններ, որոնք իրենց կարգին արժանացան 100-ամեակի յատուկ ժամացոյցներուն. Կիպրոսի պետական երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան եւ տիկինը, տէր եւ տիկին Վարդան Գազանճեան (Գահիրէ), ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջան, տէր եւ տիկին Ժան Աբգարեան (Պուէնոս Այրէս), տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գրաճեան (Փարիզ) եւ «Կարաս» հաստատութիւն:
Կալա-ընթրիքի աւարտին, Հայաստանի նախագահը, 100-ամեակի «կնքահայրերը» եւ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը հատեցին յոբելենական կարկանդակը, որմէ ետք երեկոն մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր շարունակուեցաւ ՀՄԸՄ-ական խանդավառութեամբ եւ ազգային ոգեւորութեամբ: