Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Կ’ունենայ Գիտաժողով` Նուիրուած ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրման 100-ամեակին

Յուլիս 26-ին, ժամը` 10.30-ին, Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի կ’ունենայ գիտաժողով` նուիրուած ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման 100-ամեակին:

Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս կու գայ Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան:

Ողջոյնի խօսքը կը ներկայացնէ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը:

«ՀՄԸՄ կազմաւորումը, առաջին քայլերն ու գործունէութիւնը» թեմայով զեկուցում կը ներկայացնէ Հայկ Դեմոյեան:  «Մայր Հայրենիք վերադարձն ու գործունէութիւնը (1918-1921)» թեման կը ներկայացնէ Յարութ Չէքիճեան: «ՀՄԸՄ` իբրեւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ջահակիր եւ համասփիւռքեան կառոյցի ստեղծումը» թեմայով կը զեկուցէ Տիգրան Ճինպաշեան: «Վերընձիւղում Հայրենքի մէջ եւ գործունէութիւնը 1989-էն մինչեւ մեր օրերը» թեման կը ներկայացնէ Գեղամ Մանուկեան:

Ամփոփիչ խօսքով հանդէս կու գայ Շաւարշ Քրիսեան:

Scroll Up