Սամցխէ-Ջաւախքի Գանձա Գիւղին Մէջ Կայացան Տէրեանի Պոէզիային Նուիրուած Ձեռնարկներ
Սամցխէ-Ջաւախքի Գանձա գիւղին մէջ, Յուլիս 21-ին, տեղի ունեցաւ հայ մեծ քնարերգու Վահան Տէրեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան։
Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ տօնական օրուան ձեռնարկները սկսած են գիւղի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ (1859-ին կառուցած է Վահան Տէրեանի մեծ հայրը՝ Տէր Գրիգորը) օրուան առիթով կազմակերպուած Սուրբ պատարագով, որմէ ետք՝ մասնակիցները այցելեցին Վահան Տէրեանի տուն-թանգարան։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն, ուր հնչեցին Տէրեանի ստեղծագործութիւնները ու կատարուեցան հայկական եւ վրացական երգեր-պարեր։
Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Տէրեանը, ըլլալով հայ գրականութեան ամենաերեւելի դէմքերէն մէկը, ձգած է անգնահատելի գրական ժառանգութիւն, որ մշտապէս պիտի շարունակէ կրթել հայ ժողովուրդի նորանոր սերունդներ։