«Իմ Հայաստան» Խորագիրով Ձեռնարկ Ալմելոյի Հայկական Դպրոցին ՄԷջ
Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հայկական եկեղեցւոյ մէջ գործող «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի 14-րդ ուսումնական տարուան աւարտական ցերեկոյթը այս տարի նուիրուած էր մեր նոր ու հին հայրենիքին: Օրուան թեման էր` «Իմ Հայաստան»: Ցերեկոյթին ներկայ էր Ֆրանսայէն ժամանած Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, ներկաները երկար պիտի յիշեն այդ օրուան հայրենասիրական ձեռնարկը. կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյնով, Հայաստանին բնորոշ բոլոր խորհրդանիշներով զարդարուած տօնական դահլիճը, երեխաներու հայրենաշունչ ելոյթները: Տպաւորիչ էր նաեւ աւագ խումբերու աշակերտներու նկարչական աշխատանքներու «Հայաստանն իմ աչքերով» թեմատիկ ցուցահանդէսը:
Ցերեկոյթի ընթացքին աշակերտները ներկայացուցին Հայաստանը, հայրենիքի նկատմամբ ունեցած սէրը խօսքերու, երգերու, պարերու միջոցով: Անոնք ցուցադրեցին հայկական ուտեստներու պատրաստման եղանակները: Ինչպէս միշտ, ներկաներուն բաւականութիւն պատճառեց «Զարթօնք» պարային համոյթի ելոյթը: Հայոց լեզուի 50-ժամեայ դասընթացները յաջողութեամբ աւարտած մեծերու խումբի անդամները ստացան մասնակցութեան հաւաստագիրներ:
Դպրոցի դասարաններէն մէկն անուանակոչուեցաւ դպրոցի նախկին տնօրէն, արժանայիշատակ Մանուկ Մկրտչեանի անունով: Ուսուցչուհի Թամարա Յակոբեանի պատրաստած հայկական խորհրդանիշներով ձեւաւորուած համեղ կարկանդակը կտրելէ ետք, երեխաները դուրս եկան բակ եւ դէպի երկինք ուղարկեցին կարմիր կապոյտ ծիրանագոյն փուչիկները: Ցերեկոյթն աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ եւ երգիչ Յակոբ Եաղլճեանի հայրենասիրական երգերու համերգով:
Յաջորդ օրը, դպրոցական տարուան վերջին կիրակին, դպրոցի աշակերտները, ուսուցիչները եւ ծնողները հաւաքուեցան հետաքրքիր ժամանցային վայրի մը մէջ, ուր մինչ երեխաները կը խաղային, մեծերը պատրաստեցին հայկական աւանդական խորովածը:
Երրորդ` երկուշաբթի օրը, ուսուցիչներու եւ ծնողական կոմիտէի անդամներու մասնակցութեամբ, տարեվերջեան հաշուետու ժաղովն էր եւ նոր ուսումնական տարուան ծրագիրներու քննարկումը, որ կրկին աւարտեցաւ խնճոյքով:
Եկեղեցւոյ վարչութեան նախագահ Օնիկ Կելիջին կիրակնօրեայ դպրոցի անցած ուսումնական տարին գնահատեց որպէս յաջողուած տարի: Հայրենիքէն հեռու բնակող հայուն համար փոքր հայրենիք է հայկական եկեղեցին եւ դպրոցը: Դպրոցի առաքելութիւնն է` մայրենի լեզուն, հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը սերունդներուն փոխանցելը, անոնց հայեցի դաստիարակելը: