Սփիւռքահայ Ուսուցիչներն Այցելած Են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/07/usucich1.jpg)
Յուլիս 22-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Գարեգին Ա» կրթական կեդրոնին մէջ հանդիպեցաւ աշխարհի 15 երկիրներէ Հայաստան ժամանած 62 սփիւռքահայ ուսուցիչներու հետ, որոնք Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի տնօրէն Ռուբէն Միրզախանեանի եւ դասախօսական անձնակազմի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ կը մասնակցին վերապատրաստման մէկամսեայ դասընթացներու:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն, տիար Ռուբէն Միրզախանեան, հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը սփիւռքահայ ուսուցիչներուն, վերջիններուս ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետի գործունէութիւնը կրթական ոլորտին մէջ` ատոր լաւագոյն վկայութիւնները նկատելով հիմնուած հոգեւոր կրթական եւ հանրակրթական հաստատութիւնները: Պրն. Միրզախանեան տեղեկացուց նաեւ, որ համալսարանի շարք մը ուսանողներ իրենց փորձառութեան շրջանը կ՛անցնեն Մայր Աթոռի հովանիի ներքոյ գործող «Էռնեկեան» հանրակրթական դպրոցին մէջ:
Այնուհետեւ ուսուցիչներուն իր հայրական օրհնութիւնը բերաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` մեծապէս կարեւորելով համալասարանի եւ ՀՀ պատկան կառոյցներու կարեւորագոյն այս նախաձեռնութիւնը: Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ տարիէ տարի Հայաստան ժամանող սփիւռքահայ ուսուցիչներուն թիւը կը մեծնայ:
Բարձրօրէն գնահատելով սփիւռքահայ ուսուցիչներու նախանձախնդրութիւնը` Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ մանկավարժները կարեւոր պատասխանատուութիւն կը կրեն այսօրուայ եւ գալիք սերունդներու դաստիարակութեան ու կրթութեան համար: Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ այցը Հայաստան եւ մասնակցութիւնը դասընթացին նորանոր լիցքեր կը հաղորդէ անոնց` նոր ուժով եւ աւիւնով շարունակելու ուսուցչական իրենց բարդ ու դժուարին առաքելութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին Գարեգին Բ Հայրապետն անդրադարձաւ նաեւ Սփիւռքի առջեւ ծառացած արդի մարտահրաւէրներուն` մասնաւորապէս խօսելով հայապահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ մատաղ սերունդին մէջ աստուածսիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն սերմանելու կարեւորութեան մասին: Մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր նկատեց համագործակցութիւնը եկեղեցական կառոյցներու եւ ազգային կրթական հաստատութիւններու միջեւ:
Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն տեղեկացուց «Գարեգին Ա» կրթական կեդրոնին մէջ Մայր Աթոռին կողմէ Հայ Եկեղեցւոյ քահանաներուն համար նախաձեռնուած վերապատրաստման դասընթացներուն մասին` աւելցնելով, որ յառաջիկայ տարի կը նախատեսուի կազմակերպել վերապատրաստման դասնթացներ ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի ուսուցիչներուն համար:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատասխանեց նաեւ հիւրերու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Սփիւռքի մէջ գործող հայկական դպրոցներուն եւ մայրենիի պահպանման խնդիրներուն:
Աւարտին Վեհափառ Հայրապետը մանկավարժներուն մաղթեց Աստուծոյ օրհնութիւնն ու պահպանութիւնը իրենց սրբազան առաքելութեան իրականացման գործին մէջ:
Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Գերաշնորհ Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան: