Մեծարումներ՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հարիւրամեակի Տօնակատարութեան Ընթացքին

Ասպարէզ- Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) հարիւրամեակի տօնակատարութիւնները Լոս Անճելըս պիտի հասնին Հոկտեմբեր 20ին, երբ քաղաքամէջի «Պիլթմոր» պանդոկի «Քրիսթըլ» սրահին մէջ (506 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90071) պիտի կայանայ «Մէկ դար հաւատի, սիրոյ եւ սպասարկութեան տօնակատարութիւն» խորագրուած ճաշկերոյթը:

Հոկտեմբեր 20ին կայանալիք ձեռնարկը նաեւ առիթ մը պիտի հանդիսանայ մեծարելու ԱՀԱԸի Արեւմտեան Ամերիկայի գործունէութեան երկար տարիներով նեցուկ կանգնած Ստեփան Փիլիպոսեանն ու «Քոնթէ» հիմնարկութիւնը, Շին ընտանիքի հիմնադրամը եւ Ճերըլտ ու Փաթրիսիա Թրբանճեաններուն հասատատած «Թի.Էֆ.» կրթական հիմնարկութիւնը։

Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը իր հարիւրամեակին առիթով հաստատած էր 20 միլիոն տոլարի դրամահաւաք կատարելու թիրախը, որուն իրականացման շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար կազմակերպութեան երկրորդ հարիւրամեակի գործունէութիւնը նոր թափով սկսիլ։

Լոս Անճելըսի մէջ հարիւրամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբի համաատենապետներն են՝ Լոռի Մունչերեան, իրաւաբան Արսինէ Ֆիլիփս, Հելկա Սարգիս եւ Թինա Սիկըլ։

Այս տարուան ընթացքին հարիւրամեակի տօնակատարութիւններ արդէն իսկ կայացած են աշխարհի տարածքին. անոնց ներկայ եղած է ընկերակցութեան գործադիր վարիչ Զաւէն Խանճեան։ ԱՀԱԸի Արեւմտեան Ամերիկայի գործադիր վարիչն է Լեւոն Ֆիլեան, իսկ անոր գրասենեակը Կլենտէյլ հաստատուած է։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը հիմնուած է 1918ին, Մեսեչուսեց նահանգի Ուսթըր քաղաքին մէջ: 1972էն ի վեր անոր կեդրոնատեղին կը գտնուի Նիւ Ճըրզիի Փըրեմըս քաղաքը: ԱՀԱԸն հոգեւոր, կրթական, մարդասիրական եւ երեխաներու խնամակալութեան ծառայութիւն ծաւալած է աշխարհի 24 տարբեր երկիրներու մէջ:

Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարելի է դիմել (201) 265-2607 կամ lfilian@amaa.org ու info@amaa.org հասցէներուն:

Scroll Up