Պոլսահայ Միութեան Կազմակերպած Ընտանեկան Առաջին Գիշերուան Հաւաքոյթը Մեծ Յաջողութիւն Գտաւ
Ասպարէզ- Շնորհակալութի՛ւն բոլոր ա-նոնց, որոնք ներկայ գտնուեցան Պոլսահայ միութեան մշակութային եւ տիկնանց յանձնախումբերուն կազմակերպած Ընտանեկան առաջին գիշերուան հաւաքոյթին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ «Գընալը, Գընալը» թատրոնի տեսերիզին ցուցադրութիւնը, որ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց, Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018ին, միութեան «Գուրեան տանիք»ը: Շուրջ 120 անձ ներկայ էր սոյն հաւաքոյթին:
Ձեռնարկը սկսաւ ներկաներուն զրոյցներով, ապա կատարուեցաւ ճաշի սպասարկումը: Բոլորը վայելեցին «քէօֆթէ»ի խորովածը, լուբիայի աղցանը, այլ խորտիկներ եւ ըմպելիներ։
Ներկաներէն մաս մը զբաղեցաւ նարտիով ու խաղաթուղթով, իսկ մնացեալ մասը վայելեց ցուցադրուած ժապաւէնը:
Գընալըն (Յունարէն՝ Բլաթէ, Բրոթի) առաջին կղզին է Մարմարայի ծովուն վրայ: Անիկա դրացի է Պոլսոյ Արքայական կղզիներուն՝ գտնուելով մօտ 12 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ (7 մղոն) դէպի հարաւ:
Գընալը կղզի թրքերէնով կը նշանակէ «Հիննա կղզի», քանի որ հողը իր գոյնը ստացած է հսկայածաւալ երկաթէն եւ պղինձէն, որոնք կղզիի հանքավայրերէն հանուած են: Սա Արքայական կղզիներուն ամենափոքր անտառներէն մէկն է: Բիւզանդացիներն ու Օսմանեան յոյները «Բրոթի» անուանած են զայն. անոնք եւ իրենց հայ դրացիները կղզիին վրայ կառուցած են Օսմանեան-Վիքթորիըն ամառանոցներ, որ-ոնցմէ շատերը տակաւին կը գոյատեւեն՝ քանի մը եկեղեցիներով:
Գընալը կղզին՝ Իշխանի կղզիներուն ամենափոքրը, Պոլսոյ ծաղիկը, ձեզ կը գրաւէ փոքրիկ երեխայի մը քաղցրութեամբ:
Ցուցադրուած թատրոնը՝ խառնուած կատակներով եւ խնդուքով, ծիծաղաշարժ պահեր առթեց հանդիսատեսներուն: Ձեռնարկի ա-ւարտին, մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին օժանդակած բոլոր անդամներուն եւ համակիրներուն՝ Պերճ Կայտային, Եղիա Քէօսէին, Ստեփան Հալըճըին, Մինաս Իւրնէշլիին եւ Մարիէթ Օհաննէսին, ինչպէս նաեւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն՝ ատենապետութեամբ Թալին Եայլաօղլուի:
Իսկապէ՛ս որ յաջող գիշեր մըն էր, որ պիտի չկայանար առանց միութեան անդամներուն եւ համակիրներուն թափած ջանքերուն: Լիայոյս ենք, որ ձեզ կը հանդիպինք մեր յաջորդ ընտանեկան ձեռնարկին: