Փասատինայի Մէջ Նշուեցաւ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Տարելիցը

Ասպարէզ- Փասատինա քաղաքի ՍԴՀԿի «Փարամազ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 15 Յուլիսին, տեղի ունեցաւ Հնչակեան քսան կախաղաններու 103ամեակի ոգեկոչումը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ։
Ներկայ էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Վաչէ արք. Յովսէփեան, ՍԴՀԿի Կեդրոնական վարչութեան եւ Վարիչ մարմինի անդամներ, ՌԱԿի Շրջանային վարչութեան ատենապետն ու անդամներ, ՀԲԸՄի ներկայացուցիչներ, Պոլսահայ միութեան ղեկավար անդամներ, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հանդիսականներ:
Երեկոն սկսաւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՍԴՀԿի քայլերգներով: Բացման ոգեւորիչ ելոյթով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավարուհի Թագուհի Արզումանեան: Խօսք ուղղեց «Փարամազ» մասնաճիւղի ատենապետ Տիրան Ճէրէճեան, իսկ երիտասարդութեան խօսքը անգլերէնով արտասանեց իրաւաբան Վահան Խոտանեան:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ՍԴՀԿի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Գանատայէն հրաւիրուած Կիրակոս Թիւթիւնճեան: Ան իր համապարփակ ելոյթին մէջ գնահատականը կատարեց Քսաններու գործունէութեան ու հետապնդած նպատակներուն: Թիւթիւնճեան ողջունեց Հայաստանի ժողովրդային յեղափոխութեան յաղթանակը՝ անդրադառնալով ՍԴՀԿին բերած մասնակցութեան այդ շարժումին: Ան կուսակցութեան անունով զօրակցութիւն յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան ու պատրաստակամութիւն՝ աջակցելու անոր կողմէ իրականացուող բարեփոխումներուն:
Օրհնութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Երեկոյին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան պարախումբը, Թագուհի Արզումանեան՝ ասմունքով, եւ երգիչ-երգչուհիներ Յարութ Յակոբեան, Արաքսիա Ամիրխանեան եւ Արնօ Մկրտչեան՝ ազգային ու հայրենասիրական երգերով:
Հանդիսութիւնը խանդավառ մթնոլորտի մէջ փակուեցաւ «Հնչակեան ենք մենք» քայլերգով: