Մարսէլէն Երեւան` Վազքով. Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան Կը Ժամանէ Հայաստան

2016թ. աշխարհի ամենաբարձր գագաթը` էվերեստը նուաճելէ ետք մարսէլաբնակ հայ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան նոր մարտահրաւէր նեած է. այն է` Մարսէլէն վազքով հասնիլ Հայաստան` յաղթահարելով 5000 քմ տարածութիւն: Վազքը մեկնարկած է ապրիլի սկիզբը: Օրական վազելով 50քմ եւ անցնելով 8 երկիր եւ 150 քաղաք` Արա խաչատուրեան կ՛եզրափակէ իր խաղաղութեան մարաթոնը Երեւանի մէջ:
Յուլիս 18-ին Արա Խաչատուրեան պիտի հասնի Գիւմրի, ուր Վարդանանց հրապարակին վրայ ժամը 13:00-ին զինք պիտի դիմաւորեն մարզպետարանի եւ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներ, տեղական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, մարզիկներ ու բազմաթիւ գիւմրեցիներ: Վազորդները եւ բոլոր ցանկացողները կրնան միանալ Արային Գիւմրիի մէջ` անոր հետ շարունակելու խաղաղութեան վազքը մինչեւ Երեւան:
Երեւանի մէջ վազորդները Արային պիտի միանան Մարզահամերգային համալիրի դիմացէն, յուլիս 21-ին, ժամը` 10:00-ին` անոր հետ վազելով աւարտին հասցնելու այս խորհրդանշական երթը:
Հանրապետութեան հրապարակէն խաղաղութեան մարաթօնին միացածները եւերկրպագուները նախարարի ուղեկցութեամբ պիտի շարժին դէպի ՀԲԸՄ Հայաստանի կեդրոնատեղի (2/2 Մելիք-Ադամեան փ., 2-րդ յարկ), ուր 12:00-ին կը կազմակերպուի ընդունելութիւն:
Հիւրասիրութեան շուրջ մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու եւ զրուցելու անուանի մարզիկին հետ: