Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Հրանդ Տինքի Անուան Հայկական Վարժարանի Տնօրէն Հերիքնազ Աւագեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/07/IMG_0908.jpg)
Յուլիս 16-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Պոլսոյ մէջ գործող Հրանդ Տինքի անուան հայկական վարժարանի տնօրէն Հերիքնազ Աւագեանը եւ դպրոցի քանի մը ուսուցիչներ:
Տնօրէնը մանրամասն ներկայացուց դպրոցի գործունէութիւնը եւ նշեց, որ աշխատակիցներու նուիրուածութիւնն այնքան մեծ է, որ տարիէ տարի աշակերտներու թիւը կը շատնայ. արդէն ունին 145-150 աշակերտ: Վարժարանը Սփիւռքի նախարարութենէն կը ստանայ դասագիրքեր, ուսումնամեթոդական եւ կրթական նիւթեր, ուսումնական ուղեցոյցներ, իսկ ուսուցիչները կը մասնակցին վերապատրաստման դասընթացներու:
Դպրոցի տնօրէնը նշեց, որ Պոլիս ապրող մեր հայրենակիցները մեծ յոյսեր կը կապեն նոր Հայաստանի հետ, եւ համոզուած են, որ կարճ ժամանակահատուածի մէջ Հայաստան կը դառնայ զարգացած եւ հզօր պետութիւն:
Ի պատասխան Մխիթար Հայրապետեան ըսաւ, որ հայապահպանութեան հետ կապուած Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ ընելիքներ ունի, եւ այդ ուղղութեամբ կառավարութեան հետ միասին կը տարուին ամէնօրեայ կառուցողական աշխատանքներ: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն, եւ խոստացաւ, որ Պոլիս այցի ժամանակ մեծագոյն սիրով կ’այցելէ Հրանդ Տինքի անուան հայկական վարժարան: