Ղազախստանի «Արաքս» Պարախումբի Փայլուն Մասնակցութիւնը Միջազգային Եւ Համահայկական 3 Փառատօններուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/07/araks3-300x225.jpg)
Դեռ 4 տարի առաջ` 2014-ին, երբ Երեւանի մէջ կ՛իրականացուէր Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը, Ղազախստանի հայերու միութեան նախագահ Էռնեստ Վարդերեսեանը որոշեց, որ յաջորդ փառատօնին Ղազախստանէն նոյնպէս պարախումբ կ՛ըլլայ: Եւ քանի որ, ինչպէս կը հաւաստեն անուանի գործարարին ճանչցողները, անոր խօսքը միշտ գործ կը դառնայ, Ալմաթի հասնելուն պէս ան ձեռնարկեց ազգային համոյթ ստեղծելու գործը: Այսպէս կազմաւորուեցաւ «Արաքս»ը, որուն կայացման գործին մէջ մեծ ներդրում ունին պարուսոյց, բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Արթուր Յովհաննիսեանն ու անոր կինը` Տիանա Յովհաննիսեանը: Շուտով խումբը համալրեցին նաեւ Ալմաթիի շնորհալի պարուսոյցներ Խանի Տիլովան եւ Օսման Տիլովը, եւ «Արաքս»-ը, կամաց-կամաց ձեռք բերաւ ուրոյն դիմագիծ ու մեծ ճանաչում: Մասնակցութիւն համայնքային ձեռնարկներուն, իսկ յետոյ նաեւ համաքաղաքային եւ հանրապետական ստուգատեսներուն. այսպիսին է Ալմաթիի «Արաքս» պարախումբի անցած ուղին, որ այս տարի նշանաւորուեցաւ նաեւ միջազգային եւ համահայկական 3 փառատօններուն փայլուն մասնակցութեամբ: Ընդամէնը մէկ շաբթուան մէջ մեր տաղանդաւոր հայրենակիցները մասնակցեցան Թիֆլիսի մէջ կազմակերպուած «Ոսկէ եղջիւր» միջազգային փառատօնին, այնուհետեւ, մրցանակներու հարուստ աւարով ժամանեցին Երեւան, ուր անոնց կը սպասէին երկու` ոչ պակաս հեղինակաւոր ստուգատեսներ` Սփիւռքի հայ համայնքներու պարախումբերու համերգին` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին, որ կազմակերպուած էր Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ Կատարողական արուեստի միջազգային 9-րդ փառատօնին:
Մեր պատանի հայրենակիցներն ու պարախումբի ղեկավարները ջանք ու եռանդ չխնայեցին` ըստ արժանուոյն ներկայացնելու հայկական եւ ժողովրդական այլ պարեր եւ հէնց առաջին ելոյթէն նուաճեցին հանդիսատեսի եւ ներկայացուցչական ժիւրիի համակրանքը: Հայաստանեան աննախադէպ շոգը բնաւ չխանգարեց անոնց բացայայտելու-ճանչնալու-սիրելու իրենց պատմական հայրենիքը, իսկ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի կոչը` կը խնդրեմ հայ մնացէք, աւելի ամրապնդեց սեփական արմատներուն հաղորդակցուելու, հայկական մշակոյթը սիրելու, զարգացնելու եւ տարածելու անոնց ձգտումը:
Սա դէպի հայրենիք բերող ճանապարհի առաջին քայլն էր: Վստահ ենք, որ հեռաւոր Ղազախստանի մէջ, ապրելով եւ արարելով որպէս այդ երկրի արժանի եւ օրինապաշտ քաղաքացիներ, մեր հայրենակիցներն ամէն ինչ պիտի ընեն` այնտեղ ըստ արժանուոյն ներկայացնելու նաեւ մեր ազգային մշակոյթը:
Քեզ բարի երթ ու նորանոր յաջողութիւններ, «Արա՛քս», ղազախստանեան հիւրընկալ հողին վրայ` ի նպաստ ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ պարարուեստի տարածման: