«Կռունկ» Պարախումբի Տարեկան Համերգը Նոր Ջուղայի ՄԷջ

Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան Մշակութային միաւորի «Կռունկ» պարախումբը (գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց Նունէ Մկրտչեան) յուլիս 4-ին նոյն միութեան հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ ներկայացաւ տարեկան համերգով:

Երեկոյի մեկնարկը տրուեցաւ պարախումբի կրտսեր սաներու կատարմամբ` «Դէ ժպտա» մանկական պարի աշխոյժ ու հետաքրքիր բեմադրութեամբ, որմէ յետոյ ներկաները ողջունեցին շնորհալի հանդիսավարուհիներ Սօսէ Ասատրեանն ու Լիանա Ղազարեանը, որոնք բացման խօսքէն ետք հակիրճ անդրադարձան 25-ամեայ «Կռունկ» համոյթի հիմնադրման պատմութեան ու կենսագրական գիծերով ներկայացուցին խումբի պարուսոյցն ու գեղարուեստական ղեկավարը: Համերգը շարունակուեցաւ «Կռունկ»-ի աւագ եւ պատանեկան խումբերու կատարմամբ` «Գորանի» եւ «Էրզրումի շորոր» հեզաճկուն պարերով:

Երեկոյի ընթացքին «Կռունկ» պարախումբն ու կրտսեր, պատանի եւ միջին դասարանի սաները ելոյթ ունեցան հայկական, օտար ազգերու եւ ժամանակակից պարային համարներով, որոնք ընդմիջուեցան «Կռունկ» ասմունքի խումբի անդամներ` Ալինա Տէր-Սուքիասեանի, Լեռնիկ Ծատուրեանի եւ Վանէ Յարութիւնեանի ասմունքներու անզուգական կատարմամբ` Ռիմա Սիմոնեանի պատասխանատուութեամբ: Մենապարերով հանդէս եկան Սիւնէ Շահիջանեան եւ Նազէ Ասատրեան, որոնք արժանացան հանդիսատեսի բուռն ծափողջոյններուն ու գնահատանքին:

Համերգի աւարտի համարը «Սասունի» պարն էր, որուն աւարտին բեմ հրաւիրուեցան համերգին մասնակիցներն ու պարուսոյց Նունէ Մկրտչեանը, որոնց Մշակութային միաւորի վարչութիւնը, որպէս շնորհակալութիւն, նուիրեց ծաղկեփունջ:

Նշելի է, որ համոյթի բարձրորակ ելոյթին զուգահեռ` մեծ գնահատանքի արժանի է փոքրիկ տղաներու ներկայութիւնը, որուն բացը նախորդ շրջաններու համերգներուն խիստ զգալի էր, նաեւ այն, որ ինչպէս հաղորդավարը նշեց` «Սփիւռքի մէջ աւելի քան 70 անդամ-անդամուհիներ համախմբելը եւ մշակութային ձեռնարկ իրականացնելը, իսկապէս, հերոսութիւն է, որ կը վկայէ Նունէ Մկրտչեանի տքնաջան աշխատանքի, միութեան պատասխանատուներու, միութենականներու ու ծնողներու համատեղ ջանքերու ու միասնականութեան մասին»:

Համերգային երեկոյին ներկայ էին ազգային մարմիններու, քահանայից դասի եւ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներն ու «Կռունկ» համոյթի հաւատարիմ հանդիսատեսը:

Երանոյշ Թահմազեան

Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան թղթակից

Լուսանկարները`  Գեւիկ Խաչատրեանի

Scroll Up