Վարչապետը Հանդիպած Է Պելճիքայի Հայազգի Գործարարներու Հետ

ՊԵլճիգայի Թագաւորութիւն կատարած այցի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային ճաշ ունեցած է տեղի հայ գործարարներու հետ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն ադամանդագործութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայ-պելճիգական առեւտրային պալատի նախագահը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի մամլոյ ծառայութենէն, վարչապետը վերջիններուս ներկայացուցած է տնտեսութեան ոլորտին մէջ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, անդրադարձած կաշառակերութեան դէմ պայքարին, եւ ընդհանուր առմամբ, գործարար միջավայրի բարելաւման միտուած քայլերուն, որոնք գործադիրը կը նախատեսէ կեանքի կոչել յառաջիկային, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄ հնարաւորութիւններուն: Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարած է հայ-պելճիգական գործարար կապերու շարունակական զարգացումը եւ ընդգծած, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճով, համատեղ ներդրումային ծրագիրներու իրականացմամբ եւ պատրաստ է քայլեր ձեռնարկել, որոնք կը նպաստեն մեր երկրին մէջ պելճիգական ներկայացուածութեան ընդլայնման: