Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Հայ Նկարիչներու Հերթական Համագործակցութիւնը

Վերջերս կայացած «The great masters of the portrait» միջազգային մրցոյթին մասնակցեցան ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի հայ նկարիչները: Մրցոյթի նախապայմանն էր` հայ երեխայի դիմանկարի պատկերում, որուն համար ընտրուեցաւ Էսթոնիա ապրող Արսինէն: Այս մրցոյթի գլխաւոր կազմակերպիչներէն էր Լիտիա Քոյֆման, որուն առաջարկութեամբ կը հրատարակուի  գիրք`  նուիրուած աշխարհի խաղաղութեան  եւ տարբեր ազգերու մէջ համերաշխութեան խորհրդանիշ դարձած փոքրիկ հայուհիի  վառ կերպարին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, հայկական մշակոյթը եւ արուեստը տարիներ շարունակ տարածում գտած են Հայաստանի  եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ ինչ խօսք, այս հրաշալի իրադարձութիւնը միջազգային դաշտին մէջ ոչ միայն կը  միաւորէ մեր հայ արուեստագէտներուն, այլեւ կը նպաստէ հարուստ փորձի փոխանակման` իրականութիւն դարձնելով մեր այն երազանքը, երբ մեր սիրելի արուեստագէտները փոխադարձ կապով կը բարձրացնեն հայ ազգի  փառքը  եւ  պատիւը:

Այս մրցոյթին բարձր եւ արժանի գնահատական ստացած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ արուեստագէտներ` Փայլակ Վանիկեան, Քրիստինա Օգանեզովան, Լիլիթ Տօնականեան, Անի Հայրապետեան, Լիլիթ Եսայեան, Արսէն Քլեան, Անահիտ Քեշիշեան, Լիլիթ Մազմանեան: Սա շատ կարեւոր առիթ է միջազգային ասպարէզին մէջ մեր հայ արուեստագէտները միաւորելու համար: Յոյսով ենք` մեր արուեստագէտներու Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը կը նպաստէ մեր մշակոյթի եւ արուեստի, անոնց ստեղծագործական ունակութիւններու զարգացման:

Scroll Up