Վարդավառի Նշում` Հայաստանէն Լիբանան

Ազդակ- Կիրակի, 8 յուլիս 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր մարզերուն մէջ նշուեցաւ Վարդավառի տօնը, որ տիրական ներկայութիւն էր մանաւանդ Երեւանի մէջ: Երեւանի փողոցները ողողուած էին դոյլերով «զինուած» պատանիներով եւ երիտասարդներով, որոնք ոչ մէկ անցորդի առիթ կու տային առանց Վարդավառ տօնելու եւ թրջուելու շարունակել իր ճամբան:
Նշենք, որ հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը, քրիստոնէական հնագոյն ժամանակներէն ժողովրդային ամենասիրելի եւ աւանդական տօներէն ըլլալով` կոչուած է նաեւ Վարդավառ:
Լիբանանը անմասն չմնաց Վարդավառ տօնելէ: ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, երէկ, ամբողջ օրուան ընթացքին, մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Վարդավառը: Հրաւիրուած էր լիբանանահայ երիտասարդութիւնը, աւանդութիւն դարձած տօնը նշելու: Այնճար հայաւանը նոյնպէս նշեց Վարդավառ` գիւղին բնակիչներով, երիտասարդութեամբ եւ փոքրիկներով: