ՀՀ Փոխվարչապետը Լոնտոնի Մէջ Պիտի Մասնակցի Հայաստանի Մէջ Ներդրումներ Ընելու Թեմայով Սեմինարին

ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, Յուլիս 14-ին, Լոնտոնի 8 Northumberland Ave. սրահին մէջ պիտի մասնակցի «Հայերը ելեւմտական աշխարհի մէջ-ՀԵԱ» (Armenians in Finance – AIF) երկրորդ սեմինարին:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ փոխվարչապետի օգնական Միքայէլ Նահապետեան, ՀԵԱ ձեռնարկներուն նպատակը աշխարհասփիւռ հայութեան մասնագէտ ելեւմտագէտներու համախմբումն է եւ ընդելուզուած համայնքի ստեղծումը: Բացի փոխվարչապետէն սեմինարին պիտի մասնակցին ՀԲԸՄ Հայաստանի գործադիր տնօրէն Դալար Ղազանճեան, RWZ հիմնադրամի բարերար գործընկեր Փիեռ Գիւրճեան, FAST-ի հիմնադիր տնօրէն Արմէն Օրուճեան եւ Granatus Ventures-ի հիմնադիր եւ կառավարող գործընկեր Մանուկ Հերգնեան: Համաժողովներ պիտի իրականացուին ելեւմտական ոլորտին առնչուող թեմաներով:

Մասնաւորապէս՝ «Ներդրումները Հայաստանի մէջ» թեմայի ծիրէն ներս պիտի քննարկուին Հայաստանի ներկայ գործարար եւ ներդրումային մթնոլորտի բարենպաստութիւնը, ինչու եւ ինչպէս պէտք է տնտեսել հայ գործարարները, բարելաւել ներդրումային դատը, ինչպէս նաեւ համայնքի ծանօթութիւններուն շնորհիվ՝ իրականացնել ծրագրաւորուած ներդրումային ծրագիրները:

Scroll Up