«Միսս Աշխարհ» Մրցոյթին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Արենա Զէյնալեան

Հայաստանը Յուլիս 8-ին ընտրեց այն գեղեղցկուհին, որ պիտի ներկայացնէ մեր երկիրը «Միսս Աշխարհ» գեղեցկութեան մրցոյթին: Այդ աղջիկը 24-ամեայ Արենա Զէյնալեանն է Թեհրանէն, որ ճանչցուեցաւ «Միսս հայուհի 2018» մրցոյթի յաղթող՝ առաջ անցնելով միւս 19 մասնակիցներէն: Արենան նաեւ արժանացաւ «Միսս Համերաշխութիւն» տիտղոսին: Այս մասին կը հաղորդէ Style.news.am-ը։
Լաւագոյն հնգեակին մէջ՝ Արենայի հետ յայտնուեցան նաեւ Հռիփսիմէ Սարգսեանը (5-րդ մրցանակ), Աննա Լորեցեանը (4-րդ մրցանակ), Սոնա Քերեանը (3-րդ մրցանակ), Հռիփսիմէ Խաչատրեանը (Վիցէ Միսս): Վերջինը նաեւ արժանացաւ «Միսս Տաղանդ» կոչումին:
Այս տարի մրցոյթը իրականացաւ 2 փուլով: Առաջին փուլը, որ կը կոչուէր «Տաղանդ», կայացաւ Յուլիս 5-ին: Մրցոյթին յաղթող ճանչցուեցաւ 25-ամեայ Էլիզա Մուրատեան, որ ուղեգիր ստացաւ դէպի «Միսս Տիեզերք»՝ դառնալով Հայաստանի առաջին մասնակիցը հեղինակաւոր մրցոյթին:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի Հայաստանի ազգային գեղեցկուհիի ընտրութիւնը իրականացած էր «Միսս Արմէնիա» խորագիրով: Յաղթող ճանչցուած էր 18-ամեայ Լիլի Սարգսեան:
Լուսանկարները՝ Հայկ Տոնոյեանի