Գանատա Եւ ԱՄՆ Այցերու Արդիւնքով ՀՀ Փոխվարչապետի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը 30.5 մլն Տոլար Ներդրումներու Պայմանաւորուածութիւն Ձեռք Բերած Է
ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը յունիս 28-էն յուլիս 2 աշխատանքային այցով Լոս Անճելըսի մէջ կը գտնուէր (որուն նախորդած է այցը Գանատա):
Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին ՀՀ փոխվարչապետի գրասենեակի ղեկավար Սերժ Վարագ Սիսեռեան, ՀՀ փոխվարչապետի օգնական Վիքթորիա Այդինեան, ՀՀ Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարի առաջին տեղակալ Յակոբ Արշակեան, ՀՀ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Մանէ Ադամեան, ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան, «Գործարար Արմէնիա» հիմնադրամի միջազգային ընկերութեան խումբի ղեկավար Նարեկ Ալեքսանեան եւ Միջազգային համագործակցութեան տնօրէն Ալինա Եղիազարեան:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ փոխվարչապետի գրասենեակէն, պատուիրակութեան աշխատանքային այցը ԱՄՆ-ի մէջ մեկնարկած է յունիս 29-ին` «Սերվիս Թայթն» ընկերութիւն այցելութեամբ, ուր կառավարութեան ներկայացուցիչները հանդիպած են ընկերութեան հիմնադիրներու, ինչպէս նաեւ Սիլիկոնային հովիտին մէջ ազդեցիկ «Թիմըպըլ» եւ«Այռոբոթիքս» ընկերութիւններու հիմնադիրներու հետ: Քննարկուած են Հայաստանի մէջ երկրաչափական կրթութեան, գիտահետազօտութեան, ստարտափներու զարգացման,վերազգային կազմակերպութիւններուն Հայաստան ներգրաւելուն առնչուող հարցերը, այդ ոլորտներուն մէջ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, առկայ խնդիրները եւ սփիւռքի մասնակցութիւնը ոլորտի զարգացման: «Սերվիս Թայթն» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման արդիւնքով նախնական պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ընկերութեան աջակցիլ` հիմնելու 50 հոգինոց մասնաճիւղ Երեւանի մէջ:
Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները Լոս Անճելըսի հայկական հիւպատոսարանին մէջ հանդիպած են ամերիկեան շուրջ երկու տասնեակ գործարար ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Որպէս արդիւնք ձեռք բերուած են նախնական պայմանաւորուածութիւններ շարք մը ոլորտներու մէջ հայաստանեան ընկերութիւններու ու ընկերակցութիւններու հետ համագործակցելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ քննարկուած է ամերիկեան Գործարար ընկերացութեան ներկայացուցիչներու` Հայաստան այցի կազմակերպումը:
Պատուիրակութիւնը մասնակցած է նաեւ ամերիկահայ խոշոր գործարարներու հետ մեծ ընդունելութեան, որուն ժամանակ փոխվարչապետ Աւինեան իր ելոյթով ներկայացուցած է Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան նոր ձեւաչափերը ու ՀՀ կառավարութեան գերակայութիւնները: Հանդիպման արդիւնքով ձեռք բերուած են շարք մը նախնական պայմանաւորուածութիւններ գործուածքի, աղբի վերամշակման, մեքենաշինութեան արտադրամասեր բանալու, վերականգնուող ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու մէջ փորձի եւ գիտելիքի փոխանակման ծրագիրներ իրականացնելու վերաբերեալ: Խումբ մը գործարարներ կը ծրագրեն մօտ ապագային այցելել Հայաստան` ծրագիրներուն ընթացք տալու նպատակով:
Յունիս 30-ին կառավարութեան ներկայացուցիչները հանդիպած են քանի մը տասնեակ հայ գործարարներու հետ եւ հարց ու պատասխանի ձեւաչափով քննարկած են իրենց յուզող հարցերը:Ներկայացուած են Ազգային վենչուրային հիմնադրամի ստեղծման եւ Ազգային ստարտափ սամիթի իրականացման հեռանկարները, եւ դահլիճին մէջ գտնուող գործարարներու զգալի մասը պատրաստակամութիւն յայտնած է ֆինանսական ներդրում ունենալ հիմնադրամին մէջ:Ներկայացուած է «Սփիւռքի պարտատոմսեր» գաղափարը` որպէս զանգուածային ներդրումներու խրախուսման մեքենականութիւն` նպաստելու պետութեան կայուն տնտեսական զարգացման:Հանդիպման ընթացքին փոխվարչապետը առանձնազրոյցներ ունեցած է մէկ տասնեակ գործարարներու հետ, որոնց հետ քննարկուած են առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան,բարձր արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, զբօսաշրջութեան, ռազմական արդիւնաբերութեան,ֆիլմարտադրութեան ոլորտներուն մէջ առկայ հաստատ ներդրումային ծրագիրներ: Միաժամանակ«Բիզնես Արմէնիա»-ի եւ «Crystal Lake Holdings LLC»-ի միջեւ կնքուած է փոխըմբռնման յուշագիր,համաձայն որուն` կազմակերպութիւնը 10 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարէ Սեւանայ լիճի ափին հիւրանոցային համալիր կառուցելու համար:
Գործարար Դրօ Դարբիդեանի հետ քննարկուած է սրտի աշխատանքի աջակցման միկրոէլեկտրոնային սարքերու արտադրութեամբ զբաղուող ամենախոշոր ընկերութեան` «St. Jude Medical Inc»-ի Հայաստանեան մասնաճիւղ հիմնելու մասին: «Eco Panel Group Inc.»ընկերութիւնը, ի դէմս գործադիր տնօրէն Խաչիկ խաչիկեանի, ցանկութիւն յայտնած է ներդնել10 մլն տոլար` EPG էկոպանելներու արտադրութեան գործարան հիմնելու նպատակով, որուն արհեստագիտութիւնը արտօնագրուած է աշխարհի 50 երկիրներու մէջ:
Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան հանդիպած է Քալիֆորնիա նահանգի սենատոր Էնթընի Փորթանթինոյի հետ: Վերջիններս քննարկած են ՀՀ ու Քալիֆորնիա նահանգի միջեւ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման առնչուող հարցեր:
Ամերիկահայ խումբ մը բժիշկներ առաջարկած են ֆինանսապէս օգնել պարտադիր զինուորական ծառայութիւն կատարողներու ընտանիքներուն համար բժշկական ապահովագրութիւն տրամադրելուն: Ամերիկահայ գործարար Աշոտ Թադեւոսեանի հետ քննարկուած է Հայաստանի մէջ դեղերու արտադրամաս հիմնելու ծրագիրը: Շարք մը նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են դրամատնային համակարգին մէջ, օրգանական սնունդի եւ մեղրի արտադրութեան ոլորտներուն մէջ ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ:
Յուլիս 2-ին պատուիրակութիւնը ընդունած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիկ Գարսետին:Վերջինիս հետ քննարկուած են բարձր արհեստագիտութիւններու, փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի խնայողութեան ոլորտներուն մէջ հնարաւոր համագործակցութեան գաղափարները: Հանդիպման արդիւնքով ՀՀ կառավարութեան եւ Լոս Անճելըս քաղաքի միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր, ուր կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են միասին աշխատելու եւ լաւագոյն փորձը փոխանակելու նպատակով Հայաստանի քաղաքացիական ծառայողներուն Լոս Անճելըսի կառավարման հաստատութիւններուն մէջ ներգրաւելու ծրագիր մշակելու ուղղութեամբ:Քաղաքապետ Էրիկ Գարսետիի հետ քննարկուած է դեկտեմբերին վերջինիս` Հայաստան այցը կազմակերպելու գաղափարը:
Գանատա եւ ԱՄՆ այցի արդիւնքով ներդրումներու վերաբերեալ ձեռք բերուած վերջնական պայմանաւորուածութիւններու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 30.5 մլն ԱՄՆ տոլար: