Մենք Ունինք Բազմաթիւ Պատճառներ` Հպարտ Հայ Ըլլալու. ՀՀ Նախագահ
Նախագահ Արմէն Սարգսեան յուլիս 7-ի երեկոյեան Ծաղկաձորի մէջ հանդիպած է համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ: Հանդիպումը սկսած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի աղօթքով:
«Դէպի հայրենիք, դէպի Սուրբ Էջմիածին» կարգախօսով իրականացուող հաւաքը, որ կազմակերպուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ 2018 թուականը Երիտասարդութեան տարի հռչակելու ծրագիրի ծիրէն ներս, կը համախմբէ Հայաստանէն ու Արցախէն, ինչպէս նաեւ աշխարհի աւելի քան քսան երկրէ ժամանած շուրջ 400 երիտասարդներ:
Հաւաքի մասնակիցներուն հետ շփման ընթացքին հիմնականին մէջ անդրադարձ կատարուած է ազգային ինքնութեան, եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէութեան, հայրենասիրութեան թեմաներուն:
Խօսելով հայկական ինքնութեան մասին` նախագահ Սարգսեան նշած է, որ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը հպարտանալու շատ առիթներ կու տայ, եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները հպարտանալու նոր հնարաւորութիւն կը ստեղծեն: «Աշխարհում քիչ ազգեր ու պետութիւններ կան, որոնք կարողացել են յեղափոխական փոփոխութիւններ իրականացնել առանց ընդհարումների եւ արեան, քիչ են ժողովուրդները, որոնք այսքան հանդուրժող ու գիտակից կարող են լինել: Մենք ունենք բազմաթիւ պատճառներ` լինելու հպարտ հայ, եւ վերջին իրադարձութիւնները եւս մէկ կաթիլ են աւելացնում մեր հպարտութեանը»,- աւելցուցած է Արմէն Սարգսեան:
Անդրադառնալով քրիստոնէութեան ու եկեղեցւոյ դերին` Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ իւրաքանչիւրն ազատ է դաւանանքի ընտրութեան հարցով, բայց նաեւ յիշեցուցած, որ Հայ առաքելական եկեղեցին պարզապէս եկեղեցի չէ. «700 տարի մենք մեծացել ու հպարտ հայեր ենք դարձել Հայ առաքելական եկեղեցու շնորհիւ, այն դարեր շարունակ պահել ու պահպանել է մեր պետականութիւնը, սերունդներին փոխանցել մեր ազգային ժառանգութիւնը»:
Արմէն Սարգսեան պատասխանած է նաեւ հաւաքի մասնակիցներու տարաբնոյթ հարցերուն: Հանրապետութեան նախագահը սփիւռքահայ երիտասարդներուն յորդորած է գալ Հայաստան, նուիրուիլ երկրին, ազգային ժառանգութիւնը պահպանելով` հզօրացնել հայրենիքը: