Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Ալմելոյի Քաղաքային Խորհուրդի Պատգամաւոր Ռոբին Հայկ Կելիճին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/07/handipum1.jpg)
Յուլիս 6-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Ալմելոյի (Հոլանտա) քաղաքային խորհուրդի պատգամաւոր Ռոբին Հայկ Կելիճին:
Պարոն Կելիճին նախարարին պատմեց Հայաստանի մէջ ունեցած իր այցերու եւ հանդիպումներու մասին, անդրադարձաւ նաեւ Ալմելոյի հայ համայնքի աշխուժութեան: «Ես շատ կը ցանկայի, որ համայնքն աշխուժութիւն ցուցաբերէր նաեւ քաղաքականութեան մէջ, այդպիսով մենք աւելի շատ կրնանք օգտակար ըլլալ նոր Հայաստանին»,- նկատեց երիտասարդ պատգամաւորը:
Պատգամաւորը խօսեցաւ նաեւ հայ գործարարներու մասին, որոնք արդէն կը մտածեն հայրենիքի մէջ ներդրումներու եւ գործարարութիւն հիմնելու մասին: Այս առիթով նախարարը նշեց. «Ներկայիս աշխոյժ պայքար կ՛ընթանայ կաշառակերութեան դէմ, եւ մեր նպատակն է մեր հայրենակիցներուն համար ոչ միայն խոչընդոտներ չստեղծել, այլեւ հնարաւորութեան պարագային աջակցիլ ձեզ»:
Մխիթար Հայրապետեան աւելցուց, որ այսուհետեւ իւրաքանչիւր գործարար կրնայ Հայաստանի մէջ ոչ միայն գործ ստեղծել, այլեւ ինքզինքը պաշտպանուած զգալ:
Ռոբին Հայկ Կելիճին Ալմելոյի մէջ ճանչցուած գործարար եւ բարերար Օնիկ Կելիճիի որդին է: Անոնց ընտանիքը տարիներ շարունակ կը հովանաւորէ տեղի հայկական մէկօրեայ դպրոցը եւ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայկական մշակութային ձեռնարկներ: Անոնց ընտանիքի հովանաւորութեամբ Ալմելոյի մէջ 2015թ. բացուած է Եւրոպայի մէջ հայկական ամենամեծ յուշահամալիրը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին (բաղկացած 16 խաչքարէ):