Աղթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Երեք Տարուան Դադարէն Ետք Պատարագ Պիտի Մատուցուի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/07/ahtamar.jpg)
Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, երեք տարուան դադարէ մը ետք, պատարագ պիտի մատուցուի։ Այս մասին, ըստ Agos-ի, յայտարարած է Վանի նահանգապետ Մուրատ Զօրլուօղլուն։
Ան յայտնած է, որ կղզիին վրայ պատարագ մատուցելու հարցով քննարկումներ ունեցած են հայկական համայնքի հետ եւ այժմ բանակցութիւններ կը վարեն համապատասխան նախարարութեան հետ։
«Մեր նպատակը, երեք տարուան դադարէն ետք, այս արարողութիւնը իրականացնելն է»,-ընդգծած է նահանգապետը։
Կը նշուի, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յառաջիկայ օրերուն պաշտօնական յայտարարութիւն պիտի ընէ՝ այս տարի Սեպտեմբեր 9-ին կայանալիք պատարագին վերաբերեալ եւ մասնակցութեան կոչով պիտի դիմէ ժողովուրդին։
Յիշեցնենք, որ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ վերականգնուած էր 2010-ին եւ բացուած թանգարանի կարգավիճակով: Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք՝ հայ համայնքը տարին մէկ անգամ այնտեղ պատարագ իրականացնելու արտօնութիւն ստացած էր։