Համահայկական Հիմնադրամի Վերաբերեալ Բացայայտումներն Պիտի Աւելցնեն Սփիւռքի Վստահութիւնը Հայաստանի Հանդէպ. Նիկոլ Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքով` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ոչ թէ պիտի նուազեցնեն, այլ աւելցնեն Սփիւռքի վստահութիւնը Հայաստանի հանդէպ: Այս մասին ՀՀ վարչապետ Նիլոլ Փաշինեան գրած է իր ֆեյսպուքեան էջին վրայ:
«Մենք ապացուցում ենք եւ ապացուցելու ենք, որ չենք հանդուրժի չարաշահման որեւէ դրսեւորում»,-աւելցուցած է Նիկոլ Փաշինեան:
Յիշեցնենք, որ յուլիս 2-ին ՀՀ ԱԱԾ-ի մէջ ստացուած տուեալներու հիման վրայ իւրացումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութեան ծառայողի կողմէ լիազօրութիւնները չարաշահելու կասկածանքով բերման ենթարկուած էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեան: