Հայաստանի Դրօշը` Պաքուի Կեդրոնը Գտնուող Երկնաքերի վրայ

Պաքուի կեդրոնը գտնուող Հրոյ աշտարակներու  վրայ սխալմամբ պատկերած են Հայաստանի դրօշը: Միջադէպը տեղի  ունեցած է Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան ծիրէն ներս Քոլումպիա-Անգլիա հանդիպման ժամանակ:

Պաքուի մէջ ցանկացած են պատկերել Քոլումպիոյ ազգային դրօշը (դեղին, կապոյտ, կարմիր), սակայն շփոթած են գոյներու հերթականութիւնը, որուն արդիւնքով ստացուած է Հայաստանի եռագոյնի պատկերը:

Համապատասխան լուսանկարներն իրենց ընկերային կայքերուն մէջ հրապարակած են ատրպէյճանցի օգտատէրերը:

Աշխարհի առաջնութեան 1/8-րդ եզրափակիչի վերջին խաղին երէկ մրցած են Քոլումպիոյ եւ Անգլիոյ հաւաքականները:

Հանդիպման հիմնական ժամանակն աւարտած է ոչ-ոքի` 1:1: Լրացուցիչ ժամանակուան մէջ կոլ չէ գրանցուած, եւ գործը հասած է 11 մեթրանոցներուն:  Անգլիոյ հաւաքականը 11 մեթրանոցներով վաստակած է քառորդ եզրափակիչի ուղեգիր, կը գրէ armradio.am-ը:

 

 

Scroll Up