«Հայրենադարձութիւն» Խորագիրով Դասախօսութիւն Պաղտատի ՄԷջ

Պաղտատի մէջ Յուլիս 3-ին, հովանաւորութեամբ՝ Ազգ. Կեդր. վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ ՊՀԵԵ միութեան, տեղի ունեցաւ հանդիպում-դասախօսութիւն «Վերադարձ Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադրամի տնօրէն Պր. Վարդան Մարաշլեանի հետ։ Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ iadmc.org կայքէջէն:
Այս կազմակերպութիւնը, հիմնուած է 2012 թուականին, ոչ կառավարական է եւ ոչ շահութաբեր, նպատակ ունի օգնել հայրենադաձներուն հաստատուիլ Մայր Հայրենիքին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին Քննարկուեցան Հայաստանի մէջ աշխատանքի, ուսման եւ բնակութեան խնդիրները։ Դասախօսութեան ներկայ էին՝ Հոգեշնորհ Տէր Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեան, Արժանապատիւ Տէր Նարեկ քհն. Իշխանեան, ՀՀ դեսպան Պր. Կարէն Գրիգորեան, դեսպանութեան կցորդ Պր. Սմբատ Խաչատրեան, Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամները, Պաղտատի միութենական հաստատութիւններու ատենապետները, անդամներ եւ հոծ բազմութիւն թեմիս զաւակներէն։