Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուն Հերքած է Թուրքիոյ Մէջ Նախարարի Պաշտօն Զբաղցնելու Մասին Լուրերը

Աշխարհահռչակ հայ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուն հերքած է թրքական լրատուամիջոցներով տարածուած տեղեկութիւնը, ըստ որուն Թուրքիոյ մէջ նախարարի պաշտօնը զբաղցնելու առաջարկ ստացած է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Աճէմօղլուն ըսած է թրքական «Ճումհուրիէթ» պարբերականի հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Իբրեւ պատասխան այն պնդումներուն, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը մտադիր է երկրի տնտեսութեան ղեկին նախարարի պաշտօնին նշանակելու Աճէմօղլուն՝ տնտեսագէտը ըսած է, որ նման առաջարկ չէ ստացած: «Ոչ ոք կապի մէջ մտած է հետս: Կը կարծեմ՝ ատոնք պարզապէս բամբասանքներ են»,- ըսած է ան:
Խօսելով Թուրքիոյ տնտեսութեան մասին՝ ան նշած է, որ անիկա ունի կառուցուածքային խնդիրներ: Աճէմօղլու ընդգծած է, որ վերջին 10 տարիներուն ընթացքին երկրի տնտեսութեան մէջ արտադրողականութեան աճ չէ եղած, ճարտարագիտական զարգացումներէն կամ անշարժ գոյքի հատուածէն բացի ներդրումներու աճ չէ արձանագրուած: «Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ կտրուկ անկման վտանգ կայ»,- ըսած է տնտեսագէտը:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ, թրքական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածած էին, թէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը նոր կազմուող կառավարութեան կազմին մէջ մտադիր է ներառելու նաեւ աշխարհահռչակ հայ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուն: