«Ասպետ» Ճամբարին Մասնակցող Լիբանանահայ 4 Երիտասարդներ Ուղղուեցան Արցախ

Կազմակերպութեամբ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ համագործակցութեամբ «Արցախ ֆոնտ»-ին, լիբանանահայ 4 երիտասարդներ երէկ առաւօտեան Պէյրութէն մեկնեցան Երեւան, ուրկէ անոնք ուղղուեցան Արցախ` մասնակցելու համար «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակը»-ը։
«Ասպետ» ճամբարին մասնակցող երիտասարդներն են` Վարագ Քէօշէեան, Մեսրոպ Ուաննես, Միհրան Մուրատեան եւ Պարգեւ – Պարոյր Գույումճեան:
8-րդ տարին ըլլալով կազմակերպուած այդ ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Այգեստանի մէջ: Ճամբարին պաշտօնական բացումը կը կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 3 յուլիսին եւ կ՛աւարտի 9 յուլիսին: Մարզահայրենասիրական այս ճամբարին ընթացքին լիբանանահայ երիտասարդները առիթը պիտի ունենան յարաբերելու իրենց տարեկից արցախցիներու հետ, հետեւելու դաստիարակչական ծրագիրի մը, մասնակցելու զանազան ձեռնարկներու, ծանօթանալու Արցախի պատմական ու մշակութային արժէքներուն, այցելելու բանակի զօրամասերը եւ ապրելու հայ զինուորի առօրեան:
Անոնք ճամբարին մասնակցութեան ընդմէջէն առիթ պիտի ունենան հաստատելու, որ սփիւռքահայութիւնը, յատկապէս լիբանանահայութիւնը զօրավիգ է ու մասնակից` Արցախի պետականութեան ամրապնդման եւ հզօրացման:
Նշենք, որ «Ասպետ»-ի մասնակիցները նախորդ շաբաթներուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցած էին «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ եւ տեղեկացած ճամբարին մանրամասնութիւններուն մասին: