Անդրանիկ Խեչումեան. Հայ-Իրանական Բարեկամութեան Դրօշակիր

Յուլիս 1-ին Թեհրանի հանրայայտ օրաթերթերէն` «Էթեմադ»-ը, հետաքրքիր  հարցազրոյց մը ունեցած է  իրանահայ թարգմանիչ, բեմադրիչ, թատրոնի եւ ֆիլմի  դերասան Անդրանիկ Խեչումեանի հետ, որ կարեւոր է իր բովանդակութեամբ` որպէս հայ-իրանական բարեկամութեան փաստաթուղթ:

«Թէեւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը շատ խոր արմատներ ունի, բայց, դժբախտաբար, քիչ  արտացոլուած է այն գրականութեան մէջ եւ այդ աշխատանքը իրականացնելը մեր պարտքն է»,- զրոյցին մէջ ըսած է պարոն Խեչումեան եւ աւելցուցած, որ «Արուեստն ու գրականութիւնը կրնան փրկել աշխարհը»:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն «Արաքս» շաբաթաթերթէն, ակնարկելով հայ գրականութեան երեւելիներու անունները, Խեչումեան կը նշէ, որ Խորհրդային ժամանակաշրջանին հայ գրականութիւնը մեծ վերելք ապրած է եւ ընդամէնը երեք միլիոնանոց երկրի մէջ արժանի գիրքերու տպաքանակը 50-70 հազարի հասած է:

Խեչումեան իր զեկոյցին մէջ յիշատակած է նաեւ անոնց անունները, որոնք ցայժմ որոշակի ներդրում ունեցած են հայ-իրանական գրականութիւնը երկուստեք ծանօթացնելու գործին մէջ, ի մասնաւորի յիշատակելով` Ահմատ Նուրիզադէի, Ազատ Մաթեանի, Էդուարդ Հախուերդեանի, Գէորգ Ասատրեանի եւ այլոց անունները:

Խեչումեան յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ նաեւ անոնց, որոնք խորհուրդներով եւ գործունէութեամբ զօրակցած են իրեն` այդ շարքին մէջ յիշելով Անդրանիկ Սիմոնեանի եւ «Արաքս» շաբաթաթերթի խմբագիր Մովսէս Քեշիշեանի անունները:

Յիշատակենք, որ Անդրանիկ Խեչումեան ցայժմ հայերէնէ պարսկերէն  թարգմանած է ու հրատարակութեան յանձնած 36 գործ, 13 վէպ եւ երկու երկ, որոնք միատեղուած են 35 անուն գիրքի մէջ, ընդ որում` երեքը Երուանդ Օտեանէն` «Ընկեր Փանջունի»-ն, «Թաղականին կնիկը» եւ «Անիծեալ Տարիներ»-ը, Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհի վրայ», Աշոտ Աղաբաբեանի «Մենակը», Աբիգ Աւագեանի «Հարաւային տենդ»-ը, Սերօ Խանզադեանի «Քարանձաւի բնակիչները», պատմուածքներ Գուրգէն Խանջեանէն, երկեր` Էդուարդ Միլիտոնեանէն եւ Լիբարիտ Սարգսեանէն ու նաեւ  շարք մը գործեր, վէպեր եւ պատմուածքներ, որոցն  քանի մը հատը, պարսիկ ընթերցողին կողմէ ընդառաջուելու հետեւանքով, երկրորդ եւ երրորդ տպագրութեան արժանացած են:

Խեչումեան թարգմանութիւններ կատարած է նաեւ պարսկերէնէ հայերէն` Աբբաս Ջահանգիրիանէն «Համունը եւ Ծովը» պատմուածքը եւ հինգ գործ Պահրամ Պէյզայիէն, Էսմայիլ Շաֆիյիէն, Ռահմաթ Ամինիէն եւ ուրիշներէ:

 

 

Scroll Up